Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Միջազգային խոհարարական «Հանեսթ քուքինկ» (Ազնիւ Խոհանոց) հանդէսը յատուկ կերպով անդրադարձած է հայկական խոհանոցին` նշելով, որ Հայաստանի խոհարարական արուեստը դարերու խորք ունի, իսկ տարածաշրջաններէն իւրաքանչիւրը` տարատեսակ ուտեստներու պատրաստութեան իր սեփական աւանդոյթները:
«Երբ Հայաստան ըսենք, առաջին հերթին կը պատկերացնենք բարձր լեռներ եւ համեղ կերակուր: Տերեւով տոլմա, գաթայ, հերիսա, խաշ, քիւֆթէ` այս բոլորը հարուստ հայկական խոհանոցի ուտեստներ են», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Պարբերականը կը նշէ, որ հայկական խոհանոցին մէջ երբ կարգը կու գայ հայկական խաշին, կրնայ շատերուն հաճելի չթուիլ: Սակայն քիմքի մասնագէտները կը տպաւորուին անով` պատրաստուած կովու, ոչխարի կամ խոզի տոտիկներէ, որ կը մատուցուի սխտորով, հայկական լաւաշով եւ օղիով:
Քաղցրաւենիքներէն թերթը առանձնացուցած է գաթան, ընկոյզով եւ խաղողի ռուպով պատրաստուած շարոցը եւ չորցած դեղձը` կասիայով եւ ընկոյզով:
Վերջաւորութեան «Հանեսթ քուքինկ» խորհուրդ կու տայ ընթերցողին մեկնիլ Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ համտեսել եւ վայելել հայկական խոհանոցի ուտեստները:
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
Ճիաննի Վերսաչէի Յիշատակը
Միլանի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ յուզիչ եւ անմոռանալի նախաձեռնութիւն մը:
Վերսաչէ նորաձեւութեան տան փոխտնօրէն եւ Ճիաննի Վերսաչէի քոյրը` Տոնաթելլա Վերսաչէն Վերսաչէ ապրանքանիշի նոր` գարուն-ամառ 2018 հաւաքածոյի ցուցադրութեան ընթացքին բեմ բարձրացուց 1990-ականներու առասպելական մանըքենները` 47 տարեկան Քլոտիա Շիֆըրը, 48 տարեկան Հելենա Քրիստենսընը, 47 տարեկան Նասմի Քեմպըլը, 51 տարեկան Սինտի Քրաուֆորտը եւ 49 տարեկան Քարլա Պրունին (Ֆրանսայի նախկին Առաջին տիկինը): Նախաձեռնութեան նպատակն էր նշել յիշատակը Վերսաչէ նորաձեւութեան տան հիմնադիր Ճիաննի Վերսաչէին, որ 20 տարի առաջ` 1997-ին սպաննուեցաւ Ֆլորիտա նահանգի Մայամի Պիչ քաղաքին մէջ, իր տան աստիճաններուն վրայ:
Ինչպէս նկարին վրայ կը տեսնենք, մանըքէնները բեմ բարձրացած են փայլուն զգեստներով, նոյն պահուն հնչած է «Ճիաննի տիս իզ ֆոր եու» բառերով երգը:
5 մանըքէնները չափազանց յուզուած` շնորհակալութիւն յայտնած են Տոնաթելլային, որ` «առիթը ստեղծեն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեծ ձեւագէտին»:
Երջանկութիւնը Վարակիչ Է…
Ամերիկացի գիտնականներ համակարգած են 5 կարեւորագոյն սկզբունքները, որոնք կ՛օգնեն երջանիկ ըլլալու:
Եկէք` ծանօթանանք:
- Աւելի յաճախ բարի գործեր կատարեցէք:
- Շնորհակալ եղէք: Ժամանակ մը փորձեցէք ամէն ինչի համար ձեր շնորհակալութիւնը յայտնել, նոյնիսկ եթէ մեծ բաներ չեն պատահած: Կը բաւէ, որ մտածէք, թէ առողջ էք, ուրիշէն կախեալ չէք, առանձին չէք կ՛աշխատիք եւ այլն…
- Մտածեցէք լաւ բաներու մասին: Յաճախ պատկերացուցէք, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականան ձեր երազները:
- Յաճախ դրսեւորեցէք ձեր առաւելութիւնները, արժանիքները:
- Յաճախ յիշեցէք ձեր ուրախ պահերը: Հաստատուած է, որ երջանիկ պահերը վերյիշելը կրնայ ներկայութեան պատրանք ստեղծել եւ անգամ մը եւս երջանկացնել ձեզ:
- Իմացէ՛ք, որ երջանկութիւնը վարակիչ է: Երջանիկ մարդու կողքին ապրիլը 25 առ հարիւր կը բարձրացնէ երջանկութեամբ վարակուելու հնարաւորութիւնը:
Ծուլութիւնը Վարակիչ Է…
Աւստրալիական ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ ծուլութիւնը վարակիչ է, եւ թէ` երբ աշխատանքի վայրը մէկ ծոյլ պաշտօնեայ կայ, ատիկա բաւարար է, որ վարակէ մնացեալները: Այսպիսով, գործը կը տուժէ:
Այս երեւոյթին վերաբերեալ Սիտնիի համալսարանէն հետազօտողներ փորձեր կատարած են 158 համալսարանականներու վրայ` զանոնք խումբերու բաժնելով եւ իւրաքանչիւր խումբին որոշ ձեւի աշխատանք մը վստահելով:
Փորձերը ցոյց տուած են, որ այն խումբերը, որոնց մէջ ծոյլ կամ անձնասէր ուսանող մը գտնուած է, անոր ընթացքը ազդած է մնացեալներուն աշխատելաձեւին վրայ, եւ արդիւնքը յստակօրէն ժխտական է:
Ասկէ մեկնելով` գործատէրերուն կը թելադրուի աջալուրջ հետեւիլ, որպէսզի պաշտօնեայ մը չտկարացնէ կամ ձախողութեան չմատնէ ամբողջ խումբի մը աշխատանքը: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ ամէն անգամ որ խմբական աշխատանք մը իր նպատակին չհասնի, քաւութեան նոխազ մը պիտի փնտռենք:
Ձեռային Աշխատանք
Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Պահածոյի Տուփերով
Պահածոյի մետաղեայ տուփերը մի՛ թափէք, զանոնք լուացէք, անմիջապէս չորցուցէք եւ տեսէք, թ ինչե՜ր կրնաք պատրաստել անոնցմով.
ա.- Զանոնք ներկելով եւ խմբելով` կրնաք ձեր զաւկին գրենական պիտոյքները դասաւորել:
բ.- Անոնց շուրջ կլու կանով գունաւոր մատիտներ փակցնելով` գեղեցիկ տուփերու վերածել:
գ.- Անոնց շուրջ թել փաթթելով` սիրուն թաղարներ ստանալ:
դ.- Զանոնք ծակծկելով` սիրուն մոմակալներու վերածել:
ե.- Զանոնք փոքրիկ լուսամփոփներու վերածել:
Վարդագոյն Ռուպի Տուրմը
Տուրմ արտադրող «Պարրի Քալպօ» ընկերութեան գիտնականները վերջերս ստեղծած են տուրմի նոր տեսակ մը` վարդագոյն ռուպի տուրմը, որ կու գայ ամբողջացնելու կաթնային, ճերմակ եւ սեւ տուրմերու շարքը:
13 տարուան աշխատանքէ ետք, վարդագոյն տուրմը ի վերջոյ ստեղծուած է Շանկհայի մէջ, զուիցերիական «Պարրի քալպօ» ընկերութեան տարրալուծարաններուն մէջ:
«թէ՛ գոյնի եւ թէ՛ համի իմաստով արհեստական ոչինչ կայ. վարդագոյն երանգը արդիւնք է քաքաոյի տեսակին, իսկ համը ուժեղ է եւ թարմ հատապտուղները կը յիշեցէ», կը հաստատեն գիտնականները:
Նշենք, որ քաքաոյի այս տեսակը կ՛աճի Պրազիլի, Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Էքուաթորի մէջ:
Վարդագոյն Ռուպի տուրմը շուկայ պիտի իջնէ 6-18 ամիսներու ընթացքին:
Խոհագիր
Այծի Պանիրով Եւ Թուզով
Հացեր
Բաղադրութիւն
– 4 շերտ ընկոյզով հաց
– 4-6 թուզ
– Այծի պանիր
– Թարմ թարխուն (էսթրակոն)
– Մեղր
Պատրաստութիւն
Հացի շերտերը ծեփեցէք այծի պանիրով, թուզը շերտերու վերածեցէք եւ իւրաքանչիւր հացի վրայ 2 կամ 3 շերտ զարդարեցէք:
Իւրաքանչիւր հացի շերտ զարդարեցէք թարմ թարխունի տերեւներով:
Ըստ ճաշակի, կրնաք հացի շերտերուն քիչ մը մեղր աւելցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Շշուկ Ու Շրշիւն
Աշնան մշուշում շշուկ ու շրշիւն,
– Բարդիներն են բաց պատուհանիս տակ,-
Դու ես, որ դարձեալ թախիծով յիշում,
Կանչում ես նորից կարօտով յստակ:
Անտես ու յուշիկ իմ շուրջը շրջում,
Եւ շշնջում ես,և անուշ շրշում,
Պայծառ տրտմութեամբ ինձ ես անրջում
Ու գաղտնի սիրով սիրում ու յիշում:
Ամպերը ճերմակ երամով անցան
Թռչունների պէս,- լուսեղէ՜ն երազ,-
Դո՛ւ ես, որ դարձեալ ժպտացիր անձայն
Քո հեռու հեռուից, անյայտ ու անհաս:
Ջրերն են անվերջ միգում հեկեկում,
– Իմ սիրտն է լալիս կարօտով անհուն,-
Թւում է, որ դու տխրութեամբ անքուն
Ինձ ես որոնում աղօտ աշխարհում:
Եւ ժպտում ես ինձ, ակնարկում քնքուշ
Ու գաղտնի սիրով սիրում ու յիշում,
Եւ շշնջում ես, եւ շրշում անուշ,
Անտես ու յուշիկ իմ շուրջը շրջում:
ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ