Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արդէն իսկ աւարտած են 2019 ամառ-ձմեռ նորաձեւութեան փառատօները, եւ աշխարհի նշանաւոր ձեւագէտներն ու ոճաբանները արձակած են իրենց վճիռները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոյիշեալ փառատօներէն բխած 15 եզրակացութիւններ, ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ ամառ-ձմեռ նորաձեւութեան ոճին, գոյներուն, օգտագործուած կտորներուն եւ այլն…
1.- Վարդագոյնը յառաջիկայ եղանակներու տիրական գոյնն է: «Ռոշա», «Պալանսիակա» եւ «Պրանտոն Մաքսուել» նախապատուութիւնը տուած են այս գոյնին:
2.- Չափէն աւելի մեծ պլէյզըրները (բաճկոնները) կ՛ընկերանան տաբատներուն, բայց նաեւ` կարճ հագուստներուն: Վիքթորիա Պեքհամ, Քալվըն Քլէյն եւ «Սթելլա Մքուին» այս ոճին առաջատարներն են:
3.- Շատ խորունկ «վէ» տեքոլթէները «Պալմեն»-ի եւ «Ռոպերթօ Քաւալի»-ի հաւաքածոներուն մէջ ակներեւ են:
4.- Օձի կաշին յիշեցնող հագուստը, բաճկոնն ու տաբատը ներկայ են «Կուչչի»-ի եւ «Սեն Լորան»-ի հաւաքածոներուն մէջ:
5.- Թափանցիկ փէշերն ու հագուստները միշտ ներկայ են, յատկապէս` «Քլոէ»-ի եւ «Փոլ էնտ Ճօ»-ի հաւաքածոներուն մէջ:
6.- Նարնջագոյնի եւ հողի գոյնի երանգները կարելի է գտնել բոլոր ոճաբաններու հաւաքածոներուն մէջ:
7.- Ծոպերը ոչ միայն չեն անհետացած, այլ ընդհակառակը, անոնք հաստատօրէն կը մնան «Լոնշան»-ի, «Քլոէ»-ի եւ «Օսքար տը լա ռենթա»-ի հաւաքածոներուն մէջ:
8.- Ծաղկաւորը նոյնպէս ակներեւ է բոլոր ձեւագէտներուն հաւաքածոներուն մէջ:
9.- Ճինզ կտորը իր բոլոր երանգներով ներկայ է շորթի, տաբատի, բաճկոնի եւ հագուստի ձեւով:
10.- «Պիւսթիէ» հագուստները վերապահուած են առաւելաբար գիշերային, պաշտօնական առիթներուն, բայց նաեւ` ծովափնեայ հաւաքոյթներուն:
11.- Փայլուն կտորները, յատկապէս ոսկեգոյնն ու արծաթագոյնը կրկին կը յայտնուին «Պալմեն»-ի, «Ռոշա»-ի եւ «Սելին»-ին մօտ:
12.- Ընձառիւծի «մորթ»-ը վերադարձած է «Պալանսիակա»-ի, «Պըրպըրի»-ի, «Ռոշա»-ի եւ «Լոնշան»-ի հաւաքածոներուն մէջ:
13.- Սաթէն կտորը իր գեղեցիկ փայլքով ներկայ է բոլոր ոճաբաններուն հաւաքածոներուն մէջ:
14.- Անհամաչափ կտրուածքներով ասիմեթրիք ոճը նոյնպէս ներկայ է յառաջիկայ եղանակներուն:
15.- Գծաւորը վերադարձած է մասնաւորապէս «Վիքթորիա Պեքհամ»-ի, «Հերմես»-ի եւ «Իվ Սեն Լորան»-ի ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ` վերը յիշուածներէն:
Գեղեցկագիտական-Առողջապահական
8 Պարզ Միջոցներ`
Աչքերուն Տակ Գոյացած
Մութ Գոյնի Պարկերը Չքացնելու Համար
Տկար լոյսի տակ աշխատիլը, երկար ժամեր համակարգիչի պաստառին առջեւ նստիլը, բայց նաեւ առողջական հարցեր պատճառ կը դառնան, որ մեր աչքերուն տակ մութ գոյնի պարկեր գոյանան: Զանոնք արագօրէն չքացնելու 8 պարզ միջոցներ գոյութիւն ունին. ընտրենք այն մէկը, որ մեզի աւելի՛ կը յարմարի:
– 1 –
Գետնախնձորը
Հում գետնախնձորը լուանք, կեղուենք եւ քերոցէ անցընենք: Ստացուած խիւսը երկու կտոր բամպակի վրայ տարածենք եւ մեր աչքերուն տակ զետեղենք` շուրջ քառորդ ժամ: Գետնախնձորը թէ՛ զգալիօրէն կը թեթեւցնէ այդ ուռերը եւ թէ՛ կը բանայ մորթին գոյնը: Այս անվնաս դեղամիջոցը կարելի է յաճախ օգտագործել:
– 2 –
Կանաչ թէյը խմելէ ետք ծրարիկները չթափենք, զանոնք 10 վայրկեան սառնարանը դնենք, ապա զետեղենք մեր աչքերուն վրայ շուրջ 10 վայրկեան: Որմէ ետք անբացատրելի հանգստութիւն պիտի զգանք, բայց նաեւ` թեթեւ բարելաւում, ինչ կը վերաբերի ուռեցքներուն:
– 3 –
Սառոյցի Կտորներ
Առնենք մաքուր լաթ մը կամ անձեռոցիկ մը, մէջը տեղաւորենք սառոյցի կտոր մը եւ զայն քանի մը վայրկեան զետեղենք մեր աչքերուն վրայ: Այս միջոցին կը դիմեն շատ մը դերասաններ` իրենց յոգնած տեսքով աչքին առողջ տեսք տալու համար:
– 4 –
Վերը յիշուած սառոյցը կարելի է փոխարինել մետաղեայ փոքր դգալով մը:
Այսպէս, առնենք թէյի դգալ մը եւ սառցարանը դնենք առնուազն կէս ժամ, ապա կլոր, տափակ բաժինը քանի մը վայրկեան պահենք աչքի տակի պարկերուն վրայ: Պաղը շատ արագ կը չէզոքացնէ ուռեցքները:
– 5 –
Վարունգը
Երկու շերտ վարունգ կտրենք եւ առնուազն մէկ ժամ սառնարանը պահենք, ապա մեր կռնակին վրայ պառկինք եւ վարունգի շերտերը զետեղենք մեր աչքերուն վրայ: Սպասենք 20 վայրկեան` մրափ մը առնելու չափ եւ պիտի նկատենք, որ աչքի տակի ուռեցքները յստակօրէն պակսած են:
– 6 –
Հինէն ի վեր զգայուն մորթ ունեցողները իրենց դէմքը կը մաքրեն վարդի ջուրով, անիկա կը մաքրէ եւ կը հանգստացնէ բորբոքած մորթը:
Առնենք երկու կտոր բամպակ, թաթխենք վարդի ջուրի մէջ եւ զետեղենք մեր աչքերուն վրայ` 10-15 վայրկեան: Այս անվնաս դեղամիջոցին կրնանք դիմել օրական, եթէ կ՛ուզենք լաւ արդիւնքի հասնիլ:
– 7 –
Ձէթի Եւ Կիտրոնի Հիւթ
Ապուրի դգալ մը ձէթին աւելցնենք կէս կիտրոնի հիւթ, խառնենք: Առնենք 2 կտոր բամպակ զանոնք թաթխենք խառնուրդին մէջ, թեթեւ քամենք եւ զետեղենք մեր աչքերուն տակ: Սպասենք քառորդ ժամ: Այս միջոցին նախընտրելի է դիմել քնանալէ առաջ:
– 8 –
Սուրճի դգալ մը աքասիայի մեղրին 100 մլ. գաղջ ջուր աւելցնենք, ապա երկու բամպակ թաթխենք խառնուրդին մէջ եւ զանոնք զետեղենք մեր կոպերուն վրայ, մօտաւորապէս քառորդ ժամ: Մաքուր ջուրով ցօղուենք եւ արդիւնքը անսպասելի պիտի ըլլայ:
Ինչպէս կը հաստատենք, վերը յիշուած բաղադրատոմսերուն մեծ մասը, եթէ ոչ` բոլորը, առկայ է մեր խոհանոցներուն մէջ. ալ ինչո՞ւ մեծ գումարներ վատնենք շուկան վաճառուող գեղեցկագիտական սերերուն վրայ:
Խոհագիր
Կոլոլակներ`
Պեշամել Թացանով
Բաղադրութիւն
– 3 գետնախնձոր
– 500 կրամ կովու յօշած միս
– 1 պճեղ սխտոր
– 4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 150 կրամ տաշուած մոցարելլա պանիր
– Պեշամել թացան
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Միսը համեմել, աւելցնել ազատքեղն ու սխտորը, շաղել եւ փինկ-փոնկի գնդակներու մեծութեամբ ձեւաւորել ու շարել կլոր ափսէի մը մէջ:
Գետնախնձորները կեղուել, կլոր շերտել եւ ափսէին շուրջը համաչափ շարել, իսկ մնացեալը տեղաւորել միսի կոլոլակներուն միջեւ:
Պեշամել թացանը թափել վրան, աւելցնել տաշուած պանիրը եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 15-20 վայրկեան եփել 200 ջերմաստիճանով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Քո Ձեռքերը
Ես սիրո՜ւմ եմ քո ձեռքերը
Որոնք, արդէն քանի՜ տարի,
Ինձ ամէնի՛ց ամուր գրկում,
Սակայն երբեք չե՛ն… բանտարկում.
Ինձ աշխարհի տէրը անում,
Սակայն երբեք չեն տիրանում.
Օղակի պէս շուրջս պրկւում,
Բայց չե՜ն խեղդում,
Այլ` լոկ փրկո՜ւմ,
Ինչպէս փրկում են խեղդուողի՛ն…
Քո ձեռքերը, –
Նո՜ւրբ,
Ասողի՜կ,
Ու երգեցի՜կ,
Որոնց ափում,
Ես` չո՜ր խեցի,
Մարգարի՜տ եմ քիչ-քիչ դառնում…
Ես սիրում եմ քո ձեռքերը…
«Մարգարի՛տ եմ քիչ-քիչ դառնում…» –
Իսկ Մարգարիտն այս աշխարհում
Ինչքան էլ թա՜նկ լինի, անգի՛ն,
Ինչքան չքնա՜ղ ու եզակի՜, –
Երբեք պիտի չխնայե՜ս
Եւ… միշտ… կրծքի՛դ վրա՛յ պահես, –
Թէ չէ, քո ջե՜րմ կրծքից հեռու,
(Քո սիրո՛ւց ու կրծքից հեռո՛ւ),
Իսկոյն խամրո՜ւմ է, դալկանո՜ւմ, –
Կրկին դարձած… նոյն չոր խեցի՜ն…
Իմ սիրելի՜,
Իմ ասողի՜կ,
Իմ գեղեցի՜կ…
Գ. ԷՄԻՆ