Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 453

Առողջապահական. Ձմրան Ինչպէ՞ս Ամբողջացնել Տէ. Կենսանիւթի Պակասը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

vitamin-D_012116

Ձմրան եղանակին մեր մարմինը կը տառապի արեւի պակասէն եւ, բնականաբար Տէ. կենսանիւթէն, որ տարուան միւս եղանակներուն կը ստանայ արեւէն:

Տէ. կենսանիւթի շնորհիւ` կիրը, ֆոսֆորը, Ա. կենսանիւթը, մակնիզիոմը եւ այլ օգտակար նիւթեր սնունդի ճամբով կը ներծծուին մեր մարմնին կողմէ, բարակ աղիքին միջոցով: Այս պատճառով ալ Տէ. կենսանիւթին պակասը նաեւ կը խանգարէ օգտակար միքրօտարրերու ներթափանցումը մեր մարմինին մէջ:

Տէ. կենսանիւթը նաեւ կը կարգաւորէ նիւթափոխանակման գործընթացները, կը խթանէ որոշ հորմոններու համատեղումը, որ շատ կարեւոր է ոսկորներու աճի, սրտի աշխատանքի եւ այլնի համար:

Վերջապէս յիշենք, որ Տէ. կենսանիւթի պակասը կրնայ նօթէոփորոզ յառաջացնել, իսկ անոր առկայութիւնը կը կարգաւորէ ջղային համակարգի աշխատանքը:

Ձմրան Եղանակին Ինչպէ՞ս Ամբողջացնել
Այս Կենսանիւթին Պակասը

Յստակ է, որ Տէ. կենսանիւթի աղբիւրը արեւն է, եւ անոր պակասի պարագային, պէտք է մտածել այլընտրանքներու մասին: Տէ. կենսանիւթի յառաջացման կը նպաստեն նաեւ  օդային եւ ջրային լոգանքները եւ մարձումը: Շատ կարեւոր է նաեւ ձմրան օգտագործել այս կենսանիւթը պարունակող սննդամթերք:

Կաթնեղէն
Մէկ բաժակ կաթը կ՛ամբողջացնէ Տէ. կենսանիւթի պահանջը: Կարելի է օգտագործել նաեւ պանրեղէն, կարագ, թթու սեր…

Հաւկիթ
Առաւօտեան ձուածեղը կ՛ապահովէ Տէ. կենսանիւթի օրական պահանջի 10 առ հարիւրը, պայմանաւ որ հաւկիթը ըլլայ թարմ:

Սունկ
Տէ. կենսանիւթը սունկին մէջ կ՛արտադրուի արեւի ճառագայթներուն շնորհիւ: Առատ սունկ օգտագործեցէք կերակուրներուն, աղցաններուն եւ ապուրներուն մէջ:

Ձուկ Եւ Ծովային Պտուղներ
Իւղոտ ձուկերը Տէ. կենսանիւթի հիանալի աղբիւր են: Յատկապէս սաղմոնը չափազանց հարուստ է այս կենսանիւթով: Այսպէս, 100 կր. սաղմոնը կ՛ապահովէ Տէ. կենսանիւթի օրական պահանջը:

Հաւու Թոք
100 կրամ հաւու թոքը իր կարգին բաւական ընդունելի քանակութեամբ Տէ. կենսանիւթ կը պարունակէ: Հետեւաբար կարելի է զայն օգտագործել շաբաթական դրութեամբ:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Մազերու Լոգանքին Մասին

Hair-wash_012116

Մազերը շամփուէնով լուալը ակռաները խոզանակելու կամ ձեռքերը օճառելուն չափ սովորական արարք մըն է, բայց արդեօք ճիշդ ձեւով կը կատարե՞նք զայն: Իմանալու համար պատասխանենք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն:

1

Մազերը շամփուէնով լուալու ժամանակ գուխը մարձելը կը զօրացնէ գլխուն մորթը:

Սխալ. շափուէնը մազերուն վրայ տարածելէ եւ փրփրեցնելէ ետք պէտք չէ գլուխը մարձել, մազերուն արմատները չտկարացնելու համար: Մինչդեռ շամփուէնէն առաջ գլուխը մարձելը շատ օգտակար է, քանի որ կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը:

2

Երեխաներու շամփուէնները շատ մեղմ են եւ յարմար` նոյնիսկ չափահասներուն:

Սխալ. «Երեխայի համար» բացատրութիւնը չի նշանակեր, որ շամփուէնը մեղմ է եւ անվնաս. կրնայ պարզապէս նշանակել, որ աչքերը չեն այրեր: Այս շամփուէնները կը պարունակեն յաւելեալ իւղեր, որոնք օգտակար են երեխաներուն մազերուն, բայց ոչ անպայմանօրէն մեծերուն:

3

Մազերը յաճախակի լուալը զանոնք ա՛լ աւելի իւղոտ կը դարձնէ:

Սխալ. մեր օրերուն կան շատ կատարելագործուած շամփուէններ` յաճախակի գործածութեան համար: Հարցը շամփուէնին որակն է եւ ոչ թէ` յաճախականութիւնը:

4

Լաւագոյն շամփուէնները անպայմանօրէն շատ փրփրողները չեն:

Ճիշդ. որքան շամփուէնը մեղմ ըլլայ այնքան նուազ կը փրփրի: Փրփուրը ընդհանրապէս կը չորցնէ մազերուն ծայրամասերը եւ կը կոտրտէ զանոնք:

5

Թեփը արգիլող շամփուէնները շատ ազդու են մեր օրերուն:

Ճիշդ. պայմանաւ որ ընտրենք մեր թեփի  տեսակին համապատասխանողը: Թեփը արգիլող շափուէններու չափազանցուած գործածութիւնը կրնայ գրգռել մորթը եւ հակառակ ազդեցութիւնը գործել:

6

Որպէսզի մաքուր մազեր ունենանք պայման է, որ զանոնք երկու անգամ լուանք:

Սխալ. եթէ մեր մազերը շաբաթական մէկէ աւելի անգամներ կը լուանք: Մէկ անգամը լիովին բաւարար է, երկրորդը` աւելորդ: Կարեւոր է սակայն, որ առատօրէն ցօղուենք զանոնք:

7

Մազերը վերջին անգամ մը պաղ ջուրով ցօղուելը զանոնք աւելի փայլուն կը դարձնէ:

Ճիշդ. ինչպէս վերը նշեցինք մազերը պէտք է առատօրէն ցօղուել, իսկ վերջինը պաղ ջուրով ցօղուելու պարագային ճիշդ է, որ անոնց յաւելեալ փայլք կ՛ապահովենք:

 

Հինը Նորի Վերածել

Խոհանոցի Իրերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք

Եթէ ձեր խոհանոցի կարգ մը իրերը անգործածելի են, մի՛ թափէք զանոնք, մտածեցէք անոնց երկրորդ կեանք մը տալ եւ վերածել «տեքորաթիֆ» իրերու: Ահաւասիկ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

Ideas-and-Ways-to-Recycle-Kitchen-Stuff2

ա.- Մետաղեայ հին քերոցը ներկեցէք եւ անոր ծակտիկներէն կախեցէք ձեր օղերը:

Ideas-and-Ways-to-Recycle-Kitchen-Stuff5-e1452898966454

բ.- Թէյամանները թաղարներու վերածեցէք եւ ձեր պարտէզին աստիճաններուն բազրիքը զարդարեցէք:

Ideas-and-Ways-to-Recycle-Kitchen-Stuff15-e1452899029200

գ.- Ամերիկեան սուրճի ապակեայ ամանը վերածեցէք փոքրիկ թաղարի մը` քանի մը գաճաճ բոյսերով եւ խճաքարով զարդարելով:

-Ideas-and-Ways-to-Recycle-Kitchen-Stuff18-e1452899039832

դ.- Խմոր բանալու փայտեայ գլանները վերածեցէք կախիչներու:

Ideas-and-Ways-to-Recycle-Kitchen-Stuff19-e1452899046237

ե.- Բանջարեղէն մանրելու տախտակը ներկեցէք եւ վրան հաստատեցէք «այփետ»-ը խոհագիրի մը պատրաստութեան ընթացքին:

Ideas-and-Ways-to-Recycle-Kitchen-Stuff14-e1452899021366

զ.- Եթէ անզոյգ մնացած թէյի գեղեցիկ գաւաթներ ունիք, անոնց մէջ գաճաճ բոյսեր կամ քաքթիւսներ ցանեցէք:

 

Խոհագիր

Ստեպղինով Եւ Նարինջով
Ապուր

soupe_012116

Բաղադրութիւն 6 անձի համար.

Կէս քիլօ ստեպղին
1 սոխ
1 սուրճի դգալ քիմիոնի հունտ
700 միլիլիթր մսաջուր
Ձէթ
Աղ, պղպեղ

Պատրաստութիւն.

Ճնշեփ կաթսային մէջ ապուրի դգալ մը ձէթը տաքցնել եւ մանրուած սոխը մէջը դարձնել: Աւելցնել քիմիոնի հունտերը եւ շարունակել խառնել, մինչեւ որ սոխը շէկնայ: Քիչ-քիչ աւելցնել մսաջուրը, նարինջին հիւթը եւ կեղեւին տաշուքը եւ վերջապէս լուացուած եւ կտրտուած ստեպղինը: Եփել 10 վայրկեան:

Խառնուրդը համեմել եւ հարիչէ անցընել եւ հրամցնել անմիջապէս:

Ապուրին երեսը զարդարել կարմիր փոշի պղպեղով եւ մանրուած գինձով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եկեղեցին Հայկական

Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս`
Ինչպէս քարայր մ՛ընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս…,
Իր գաւիթով հիւրընկալ, իր լայն բեմով ու հեռուն
Կանգնած իր լուռ խորանով` որ կարծես նա՜ւ մ՛է ծըփուն…
Եկեղեցին Հայկական ես աչքըս գոց կը տեսնեմ

Ու կը շնչեմ, կը լըսեմ` իր Յիսուսով մանկադէմ,
Իր սեղանէն մըխացող գուլայ-գուլայ խունկերով
Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով…
Եկեղեցին հայկական բարձըր բերդն է հաւատքին

Իմ պապերուս` որ հողէն զայն քար առ քառ հանեցին
Եւ երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցա՜ն անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…
Եկեղեցին հայկական մեծ վարագոյր մ՛է բանուած`

Որուն ետեւ, սըկիհին մէջ կ՛իջնէ ինքը Աստուած,
Որուն առջեւ` գլխահակ կու գայ իմ ազգըս ամբողջ հաղորդըւիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ…
Եկեղեցին Հայկական` ծովուն դիմաց ալեկոծ

Նաւահանգիստ մ՛է խաղաղ. ցուրտ գիշերին` հո՛ւր եւ բոց,
Ու տօթակէզ ցերեկին անտա՛ռ մըն է ստուերոտ`
Ուր շուշաննե՛ր կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ….
Եկեղեցին Հայկական, մէն մի քարին տակ գետնի,

Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի…
Եկեղեցին Հայկական Հայ հոգիին եւ Մարմնոյն
Զըրահանդերձն է փայլուն` մինչ իր խաչերն են դաշոյն,
Եւ զանգակներն են բոմբիւն, ու երգն է մի՛շտ Յաղթութիւն…:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>