Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 456

Հետաքրքրական. Աւետիք Իսահակեանի Սիրելի Ուտեստները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հանճարեղ գրող թէ երաժիշտ, յայտնի նկարիչ թէ քանդակագործ` բոլորն ալ նախ եւ առաջ մարդ են` իրենց մեծութեամբ եւ թուլութիւններով, կենսագրական հետաքրքրական, յաճախ ուսանելի դրուագներով: Հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, որոնք աւելի սիրելի կը դարձնեն զիրենք եւ իրենց ստեղծագործութիւնները:

Ժամանակակիցներն ու յուշագիրները կը վկայեն, որ Վարպետին ջերմ ու հիւրընկալ տունը միշտ լեցուն էր հիւրերով, եւ մինչեւ ուշ գիշեր սեղանը չէր հաւաքուեր:

Աւետիք Իսահակեանի կինը` Սոֆին եւ հարսը` Իզապէլլան կը պատրաստէին բանաստեղծին նախասիրած ուտելիքներն ու խմիչքները: Մսային կերակուրներէն ան կը պաշտէր «քիւֆթա»¬ն: Իսահակեանը առաջին անգամ Փարիզ համտեսած էր ձիթապտուղը եւ յատուկ տկարութիւն ունէր սեւ ձիթապտուղին հանդէպ: Նախընտրելի հացը հայկական լաւաշն էր:

* * *

Պապիկին սիրելի ուտեստներուն մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ հաղորդած է նաեւ Վարպետին թոռնիկը` Աւիկ Իսահակեանը, որուն պատանեկան յիշողութեան մէջ շատ լաւ դրոշմուէր էր, որ պապիկին ամենասիրելի կերակուրը հաւով եւ բրինձով եղինձն էր, թանով ապուրը (սպասը), ոսպախաշուն, խաւիծը, իսկ կաթնեղէններէն` թարմ կաթի սերը:

* * *

Թխուածքներէն Իսահակեան կը սիրէր «Շաքարչորակի» կոչուած թխուածքը: Իսահակեաններու սեղանէն անպակաս էին գաթան եւ սուրճը: Վարպետը առաւօտեան կը սիրէր կաթով սուրճ խմել կամ իր սիրելի Շիրակ աշխարհի անուշաբոյր խոտաբոյսերով պատրաստուած թէյ:

Իսկ ամրան, երբ հասուն եւ համեղ պտուղներու մեծ տեսականի կար, բանաստեղծը կը սիրէր ճաշէն ետք պաղ ձմերուկ ուտել:

* * *

Ընտանիքին սիրելի կերակուրներէն էր նաեւ հայկական աւանդական հերիսան, զոր շատ համեղ կը պատրաստէր տիկին Սոֆին:

Վիգէն Իսահակեանը իր «Հայրս» գիրքին մէջ կը գրէ.

«… Մայրս ամբողջ գիշերը մեր նաւթավառի վրայ մի մեծ կաթսայ հերիսայ էր եփել, առաւօտեան ասաց, թէ Չարենցը մենակ է մնացել, մի մեծ աման լցրեց եւ խնդրեց Պելլայէն տանել Չարենցին: Պէլլան բակի միջով գնաց Չարենցի մօտ: Չարենց ախորժակով մի պնակ կերել էր, ասել, թէ շատ համեղ է, մնացածն ալ ճաշին կ՛ուտի»:

Առողջութեան Վնասող
Հագուստներ
Եւ Ագսեսուարներ

Բոլորն ալ կը սիրեն նորաձեւութեան հետ քայլ պահել, ըլլալ վայելուչ եւ հմայիչ: Բայց պէտք է իմանալ, որ կարգ մը նորաձեւ հագուստներ եւ աքսեսուարներ, երկար ժամանակ կրելու պարագային, կրնան առողջական խնդիրներ ստեղծել: Ստորեւ մէկ քանի օրինակ:

ՇԱՏ ՆԵՂ ՃԻՆԶԵՐԸ վնասակար են առողջութեան, քանի որ անոնք կը սեղմեն մկանները եւ կը խոչընդոտեն անոնց աշխատանքը: Անոնք նաեւ կը խանգարեն արեան շրջագայութիւնը: Նախապատուութիւնը պէտք է տալ քիչ մը լայն տարբերակներուն եւ կամ կարճ ժամանակով կրել զանոնք:

ԲԱՐՁՐԱԿՐՈՒՆԿ ԿՕՇԻԿՆԵՐԸ կը վնասեն ողնայարին, մէջքին եւ ոտնաթաթերուն: Նախապատուութիւնը պէտք է տալ միջին բարձրութեամբ կրունկներուն` հրաժարելով թէ՛ բարձրակրունկ եւ թէ՛ բոլորովին անկրունկ կօշիկներէն:

ԽՈՇՈՐ ՉԱՓԻ ԾԱՆՐ ՕՂԵՐԸ կը լայնցնեն ականջին անցքը եւ տգեղ տեսք կու տան անոր: Նախընտրելի է ընտրել թեթեւ եւ փոքր տարբերակները:

Նաեւ պէտք է խուսափիլ անծանօթ մետաղներէ պատրաստուած օղերէն, անոնցմէ շատեր մորթի բորբոքումներ կը պատճառեն: Նախապատուութիւնը պէտք է տալ ոսկեայ կամ արծաթեայ տարբերակներուն:

ՄԵԾ ԵՒ ԾԱՆՐ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ կը վնասեն ողնայարին: Եթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ծանր իրեր փոխադրելը պարտադիր է, նախապատուութիւնը պէտք է տալ այն տարբերակներուն, որոնք կռնակը կը հաստատուին` զոյգ ուսերէն կախուելով:

ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ԹԱՐԹԻՉՆԵՐԸ փոշիէն նուազ լաւ կը պաշտպանեն աչքերը, քան` բնական երկարութիւն ունեցողները: Նաեւ զանոնք հաստատող սոսինձը կրնայ գրգռել աչքերը: Մասնագէտներու կարծիքով, մասքարայի օգտագործումը նախընտրելի է:

ԹՈՆԿ ՄՈՒՃԱԿՆԵՐԸ ոտքերը պաշտպանելու ոչ մէկ միջոց ունին. երկար կրելու պարագային, անոնք սրունքի եւ մէջքի ցաւեր կը պատճառեն եւ ոտնաթաթը կը ձեւափոխեն, իսկ աժան ու անորակ տեսակները մանրէներու ու սունկերու բոյն են. պէտք է զանոնք յաճախ լուալ, յատկապէս` ծովափէն վերադարձին:

ԼԵԿԻՆԿՆԵՐԸ, զորս կը կրենք մարզանքի ընթացքին, թէեւ հանգստաւէտ են, սակայն անոնց «նիլոն», «լիքրա» հիւսուածքը խոնաւութիւն կը պահէ եւ երկար ժամանակ կրելու պարագային, խոնաւութեան մէջ բոյն դրած մանրէները բորբոքային խնդիրներ կը պատճառեն յատկապէս իգափողին (հեշտոցին):

Առողջապահական

Առողջապահական Հարցեր`
Ըստ Լեզուի Գոյնի

Գիտնականներու կարծիքով, մեր լեզուն մասամբ մեր առողջութեան պատկերն է: Լեզուի օգնութեամբ հիւանդութիւններու ախտորոշման համակարգ կայ` ըստ տեսքի, գոյնի, չափի, կառուցուածքի…

Ահա թէ ի՛նչ կը վկայէ լեզուին գոյնը.

– Բաց վարդագոյնը լեզուին բնական գոյնն է:
– Կարմիր գոյնը կը վկայէ մարմնին մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ բորբոքումներու մասին:
– Դեղինը կը վկայէ ստամոքսի եւ լեարդի խանգարումներու մասին:
– Մանիշակագոյնը` թոքերու եւ սիրտի հետ կապուած անհանգստութիւններու: Բայց նաեւ` անբաւարար արեան շրջագայութեան մասին:
– Կապոյտ գոյնի լեզուն կը վկայէ երիկամներու հետ կապուած հիւանդութեան մասին:
– Սպիտակ գոյնը կրնայ ջրազրկման, հարբուխի կամ վարակի նշան ըլլալ:
– Մոխրագոյնը աղիք¬ստամոքս համակարգի խանգարման նշան կրնայ ըլլալ:

Խոհագիր

Խրթխրթան Սիսեռներ

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք չիփսը եւ պիստակեղէնները փոխարինող խրթխրթան սիսեռի բաղադրատոմսը: Այս դիւրին պատրաստուող աղանդերը կարելի է մատուցել խմիչքներու հետ, ինչպէս նաեւ` օգտագործել տարբեր տեսակի (յատկապէս` յունական) աղցաններու պատրաստութեան մէջ:

Բաղադրիչներ

– 1 տուփ խաշած սիսեռ (կարելի է տունը խաշել)
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ (նախընտրաբար` աղի փաթիլներ)
– Կարմիր փոշի պղպեղ, քիմիոն, փոշի սխտոր…

Պատրաստութիւն

Սիսեռները քամոցի մէջ փոխադրել, հոսող ջուրի տակ ցօղուել եւ ձգել, որ ջուրը սուզուի:

Մաքուր անձեռոցի մը վրայ տարածել սիսեռները եւ փորձել ցամքեցնել, որպէսզի ջուրի հետք չմնայ:

Մեծ ափսէի մը յատակը մոմ թուղթով ծածկել, տարածել սիսեռները, աւելցնել ձէթը, աղն ու մնացեալ համեմները (կրնաք ձեզի սիրելի այլ համեմներ ալ օգտագործել), խառնել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ 20 վայրկեան: Ապա փուռէն հանել, կրկին խառնել ու տարածել սիսեռները եւ 20 վայրկեան եւս եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն եւ խրթխրթան դառնան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օրօրոցի Երգ

Արի՛, ի՛մ սոխակ, թո՛ղ պարտէզ մերին,
Տաղերով քուն բե՛ր տղիս աչքերին.
Բայց նա լալիս է.. դու, սոխակ, մի՛ գալ.
Իմ որդին չուզէ տիրացու դառնալ:

Ե՛կ, աբեղաձա՛գ, թո՛ղ արտ ու արօտ,
Օրօրէ՛ տղիս, քընի է կարօտ.
Բայց նա լալիս է. դու, ձագուկ, մի՛ գալ,
Իմ որդին չուզէ աբեղայ դառնալ:

Թո՛ղ դու, տատրակի՛կ, քու ձագն ու բունը,
Վուվուով տղիս բե՛ր անուշ քունը.
Բայց նա լալիս է. տատրակի՛կ, մի՛ գալ,
Իմ որդին չուզէ սգաւոր դառնալ:

Կաչաղա՛կ ճարպիկ, գող, արծաթասէր,
Շահի զըրուցով որդուս քունը բեր.
Բայց նա լալիս է. կաչաղա՛կ, մի՛ գալ,
Իմ որդին չուզե սովդաքար դառնալ:

Թո՛ղ որսըդ, արի՛, քաջասի՛րտ բազէ,
Քու երգը գուցէ իմ որդին կ՛ուզէ…
Բազէն որ եկավ` որդիս լռեցավ,
Ռազմի երգերի ձայնով քնեցաւ:

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ

Տարիներ առաջ այս օրը (26 օգոստոս 1892) մահացաւ յայտնի բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ Ռաֆայէլ Պատկանեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>