Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 456

Պարի Մը Պատմութիւնը. Բատոլա

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բատոլան հայկական ծիսական հարսանեկան պարերգ է. զայն հայկական աւանդական հարսանիքներու ժամանակ կատարեր են հարսին ընկերուհիները, իսկ հետագային` ուրախ հաւաքոյթներու ժամանակ:

Բատոլան բաւական տարածուած է Շիրակի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի, Արարատի մարզերուն, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ: Պարերգը ծանօթ է տարբեր անուններով` «Բատոլա», «Բատալօ», «Բատոլօ» եւ այլն…

Ցարդ «Բատոլա» բառի բացատրութեան մասին տեղեկութիւնները շատ քիչ են եւ անբաւարար: Որոշ ուսումնասիրութիւններու համաձայն, «Բատոլա»-ն անձնանուն է. տղամարդո՞ւ, թէ՞ կնոջ` յայտնի չէ:

Բատոլա ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին մէջ:

Ստորեւ պատառիկ մը` Բատոլա պարերէն

Բատոլա ջան, բատոլա,
Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւրը եկար,
Դուն իմը սրըտինը դուր եկար,
Բատոլա ջանը, բատոլա
Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւր եկար,
Դուն իմը սրըտինը դուր եկար:

Մաշկաբանին Կարծիքով

Մորթին Վաղաժամ Ծերացման
Նպաստող Մթերքներ

Առողջ ապրելակերպը կարեւոր է գեղեցիկ մորթ ունենալու համար: Կայ շատ յայտնի ասացուածք մը` «Դուն կը նմանիս այն բանին, զոր կ՛ուտես»: Սնունդը մեր արտաքինին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի. անիկա կ՛արտացոլուի մեր մորթին վրայ, մեր մորթին բարեկեցութիւնն ու առողջութիւնը կախեալ է անկէ:

Մաշկաբանին կարծիքով, շաքարն ու շաքար պարունակող ուտելիքները բացասաբար կ՛անդրադառնան մորթին որակին վրայ, կը նպաստեն անոր վաղաժամ ծերացման եւ բշտիկներու յառաջացման: Բացի շաքարէն` մաշկաբանը կը թելադրէ չափաւորել կարգ մը մթերքներու սպառումը, որոնց կարգին`

– Կաթնամթերքը, քանի որ անոր պարունակած քազէին կոչուած բնասպիտը կը նպաստէ բորբոքումներու յառաջացման եւ մորթի բջիջներու ծերացման:

– Վերամշակուած մսեղէնները (խոզապուխտ, սալամի, պէյքըն…) կը պարունակեն պահպանիչներ, որոնք կը բորբոքեն մորթը եւ կը նպաստեն անոր ծերացման: Մսեղէնի այս տեսակները նաեւ կը կլանեն Սէ. կենսանիւթը, որ անհրաժեշտ է քոլաժէնի արտադրութեան եւ առողջ մորթին համար:

– Տապկոցի բոլոր տեսակները. անոնք կը վնասեն մորթին առաձգականութեան եւ խոնաւութեան:

– Ոգելից ըմպելիները, որոնք կը ջրազրկեն մորթին բջիջները եւ կը նպաստեն կնճիռներու յառաջացման:

– Սուրճը եւ անոր պարունակած քաֆէինը, նոյնպէս կը ջրազրկեն մորթին բջիջները: Նման պարագայի, պէտք է առատ ջուր խմել եւ մորթը խոնաւեցնող սեր օգտագործել:

Մաշկաբանին կարծիքով, վերը նշուած մթերքները հարկաւոր է փոխարինել առողջ ճարպերով, ինչպիսին են` ձկնատեսակները, կտաւատի իւղը, աւհոքան, ընկուզեղէնը, հաւկիթը, ձիթապտուղի ձէթը, որոնք հարուստ են օմեկա 3¬ով, որ հզօր պաշտպանիչ է կանխահաս ծերացումէ:

Լուսաւոր Գաղափարներ

Իրերու Դասաւորման
10 Հետաքրքրական Առաջարկներ

1) Կրկնեփի մետաղեայ պարապ տուփը մի՛ թափէք, այլ օտագործեցէք կարի պիտոյքները` դերձանի ճախարակներ, ասեղ, գնդասեղ, չափերիզ եւ այլ բաներ դասաւորելու համար:

***

2) Լուացուած մարզակօշիկները չորցնելու համար զանոնք հաստատեցէք հագուստի կախիչի երկու ծայրամասերուն, ապա կախեցէք լոգարանի վարագոյրի ձողէն կամ այլուր:

***

3) Շպարի իրերը դասաւորելու եւ զանոնք ձեռքի տակ ունենալու համար օգտագործեցէք դգալեղէնի դասաւորման ամանը, զոր կարելի է նոյնիսկ գզրոցի մը մէջ տեղաւորել:

***

4) Որպէսզի գլխարկները պահարանին դարաններուն վրայ տեղ չգրաւեն, կամ հագուստներու միջեւ չճզմուին ու ձեաւափոխուին, հագուստի կախիչի մը վրայ օղակներ անցուցէք եւ գլխարկներ այդ օղակներէն կախեցէք: Այսպիսով նաեւ զանոնք չէք կորսնցներ եւ փնտռելու կարիք չէք ունենար:

***

5) Լուացուած գուլպաները փռելու եւ ցամքեցնելու համար եւս օգտագործեցէք հագուստի կախիչը, որուն վրայ լաթակալներ հաստատուած պէտք է ըլլան: Այս միտքը շատ գործնական է յատկապէս անձրեւոտ օրերուն:

***

6) Որպէսզի ականջօղերը չկորսուին, պարզապէս օգտագործեցէք տարբեր չափի, ձեռքի տակ գտնուող կոճակներ: Նկարը բաւարար խօսուն է. պարզապէս փորձեցէք:

***

7) Խոհանոցի լուացարանին պատին վրայ փոքրիկ կեռիկ մը հաստատեցէք, որպէսզի պնակեղէնները լուալու ժամանակ ձեր մատանին այդ կեռիկէն կախէք ու չկորսնցնէք: Այս ձեւով նաեւ կը պահպանէք ձեր մատանիին փայլքը` լուացքի դեղի քիմիական նիւթերէն:

***

8) Ձեր զարդեղէները դասաւորելու համար օգտագործեցէք դգալեղէնը դասաւորելու ամանը: Զայն հաստատեցէք պատին վրայ եւ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, մէջը փոխադրեցէք ձեր զարդեղէնները: Անշուշտ ասիկա պաշտօնական կահոյքով ննջասենեակի համար նախատեսուած չէ, այլ` գիւղի տան մը կամ շալէի մը համար:

***

9) «Թիք թաք» շաքարի պարապ տուփիկները մի՛ թափէք. մաքրեցէք զանոնք եւ մէջը լեցուցէք քիչ չափաբաժինով գնուած կարգ մը համեմներ: Տուփիկներու վրայ նոր պիտակ մը փակեցուցէք եւ վրան գրեցէք համեմին տեսակը` քրքում, մեխակ, կոճապղպեղ եւ այլն…

***

10) Որպէսզի շուկայէն բերուած կերպընկալ տոպրակները մէջտեղերը չթափառին եւ տեղ չգրաւեն, զանոնք տեղաւորեցէք թուղթէ թաշկինակի պարապ տուփի մը մէջ եւ զետեղեցէք լուացարանին տակի պահարանին մէջ:

Խոհագիր

Մուսախան Գլանիկներ

Բաղադրիչներ

– 2 հաւի կրծքամիս` խաշած եւ բզիկ¬բզիկ եղած
– 2 մեծ գլուխ սոխ` մանրուած
– 1 ապուրի գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ապուրի դգալ աղտոր
– 2 ապուրի դգալ նուռի ռուպ կամ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Սաժի (մարքուք) հաց (լիբանանեան բարակ հաց)

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ ձիթապտուղի ձէթը տաքցնել, աւելցնել մանրուած սոխը եւ տապկել, մինչեւ որ սոխը թափանցիկ դառնայ: Յետոյ յաջորդաբար աւելցնել բզիկ¬բզիկ եղած խաշած կրծքամիսը, աղտորը, նուռի ռուպը եւ պղպեղն ու աղը:

Բոլոր բաղադրիչները թեթեւ կրակի վրայ 3-5 վայրկեան եփել ու կրակը անջատել:

Սաժի հացը եռանկիւնաձեւ կտրատել, իւրաքանչիւրին լայն մասին վրայ առատ միջուկ դնել, ծայրամասերը գոցել եւ ոլորել` ձեւաւոր գլաններ ստանալու համար:

Ափսէին յատակը ձիթապտուղի ձէթով ծեփել, գլանիկները քով¬քովի շարել, երեսը դարձեալ ձիթապտուղի ձէթով ծեփել (որպէսզի խրթխրթան դառնան) ու նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 5 վայրկեան եփել, մինչեւ որ գլանները ոսկեգոյն ու խրթխրթան դառնան:

Մուսախանի գլանիկները կարելի է մատուցել մածունով, թահինով, կիտրոնի հիւթով եւ աղով պատրաստուած համեղ թացանով:

Գիտէ՞ք, Թէ

– Ստուգաբանօրէն «Մուսախան» կը նշանակէ «տաքցուած բան մը»:

Մուսախանը պաղեստինեան ազգային ուտեստն է. ան կը մատուցուի յատուկ առիթներով` տօներ, փառատօներ, հարսանիքներ եւ այլն… Այս ուտեստը մշակութային նշանակութիւն ունի պաղեստինցիներուն համար:

Մուսախան պատրաստելը եւ ընտանիքի անդամներուն կամ բարեկամներուն հետ կիսուիլը սիրոյ, համերաշխութեան եւ հաղորդակցութեան խորհուրդները կը մէկտեղէ:

– 2010-ի ապրիլ 20-ին Պաղեստինի Ռամալլա քաղաքին մէջ պատրաստուեցաւ ամենամեծ Մուսախանը, որ գրանցուեցաւ «Կինես» համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Օրին Պաղեստինի վարչապետ Սալամ Ֆայատը եղելութիւնը բնութագրեց որպէս «մեծ ձեռքբերում` ի պատիւ պաղեստինցի ժողովուրդին, որ տեւաբար կը ձգտի իր օրինական իրաւունքներու ձեռքբերման»:

Մրցանիշ արձանագրած Մուսախանի հացին տրամագիծը 4 մեթր էր, իսկ ծանրութիւնը` 1350 քիլօ: 40 պաղեստինցի խոհարարներ օգտագործեր էին` 250 քիլօ ալիւր, 170 քիլօ ձիթապտուղի ձէթ, 500 քիլօ սոխ, 70 քիլօ նուշ, հարիւրով հաւու ազդրեր:

Նշենք, որ Մուսախանը նաեւ կը մատուցուի կլոր հացի վրայ եւ ոչ` գլանաձեւ:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երկի՛ր, Ե՛տ Կգամ…

Երբ վերջին անգամ ես ետ նայեցի,  բարձունքից լերան
Դժբախտ զինուորի հայեացքով անուշ,
Իմ աչքերի մէջ հրդեհի բոցից մոխրացող մեր տան
Ստուերն էր ցոլում կապոյտում անուրջ:

Ու մանկութիւնս ձեռքերը պարզել մանուկի նման,
Աղերսող վերջին հայեացքն էր նետում…
Փլատակներում շնչահեղձ եղած կարօտն անսահման
Սրբում էր յոյսի աչքերը տրտում:

Լերան գագաթին կանգնել էի ես մի վերջին անգամ
Վտարանդու խոր հայեացքով անջինջ,
Ու շուրթերս որբ կրկնում էին թախիծով անկամ,
– Երկի՛ր, ե՛տ կգամ … երկի՛ր, ների՛ր ինձ…

ԱՐՄԷՆ ԱՒՕ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>