Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 456

«Իրանական Աստղագիտութեան Մայրը»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

4 մարտ 2011-ին Ալենուշ Տէրեանի մահուան 14-րդ տարելիցն է:

Սորպոնի եւ Թեհրանի համալսարանները յաճախած Տէրեանը կը համարուի Իրանի առաջին արեւային աստղադիտարանի հիմնադիր եւ բնագիտութեան առաջին կին դասախօս, որ արժանացած է «Իրանի ժամանակակից աստղագիտութեան մայր» տիտղոսին:

Ալենուշ Տէրեանի Իրանի հեռատեսիլի «Իմաստուններ» ծրագրին կողմէ ճանչցուած է` որպէս «Գիտութեան ոլորտի մնայուն դէմք», եւ իր մասին վաւերական ժապաւէն պատրաստուած է «Դէպի արեւ» անունով: Աւելի ուշ ան արժանացած է նախագահ Մ. Ահմատինեժատիի կողմէ գնահատագիրի եւ շքանշանի:

Ալենուշ Տէրեան ամուսնացած չէր եւ ընտանիք կազմած չէր, քանի որ համոզուած էր, որ աշխարհ եկած էր իր գործին նուիրուելու համար: Ան առիթով մը ըսած է. «Եթէ կրկին աշխարհ գայի, ճիշդ նոյն բանը կ՛ընէի, որովհետեւ կը պաշտեմ ուսումն ու դասաւանդութիւնը եւ հպարտ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ ուսանողներուս փայլուն յաջողութիւնները»: Տէրեանի ուսանողներն ու ժամանակակիցները մինչեւ օրս կը յիշեն զայն` որպէս հոգատար դասախօս, որ կը վայելէ իր ուսանողներուն սէրն ու յարգանքը:

Ալենուշ Տէրեան մահացաւ 90 տարեկանին: Կեանքի վերջին տարիները ան անցուց Թաուհիտի ծերանոցին մէջ: Հոն անկողինին գամուած, արժանացաւ կեանքի վերջին պարգեւին` Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակին:

Ան կտակով իր բնակարանը նուիրած էր Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի իբրեւ հանրակացարան ծառայէ բնակելու տեղ չունեցող ուսանողներուն:

Ինչո՞ւ Մանուկը Կու Լայ,
5
Հաւանական Պատճառներ

Մի՛ զայրանաք, երբ ձեր մանուկը կու լայ, փորձեցէք հասկնալ զայն եւ օգնել:

Ստորեւ` 5 հաւանական պատճառներ.

1.- Անօթութիւն

Անօթի երեխային լացի ձայնը խլացնող է: Եթէ անոր կերակրման ժամերը պատահականութեան ձգուին, բնական է, որ ան սուր ճիչի ճամբով արտայայտէ իր քաղցը:

2.- Վատ ինքնազգացողութիւն

Մանուկները, բացի լացէն, այլ կերպ չեն կրնար հասկցնել ծնողներուն, որ իրենք լաւ չեն զգար: Հնարաւոր է, որ անոնք կը մսին կամ կը տաքնան: Նման պարագաներու լացը միալար է եւ տխուր:

3.- Ցաւ

Այս պարագային մանուկը բարձրաձայն եւ անընդհատ կու լայ: Հնարաւոր են` ականջի ցաւ, լինտերու կամ փորի ցաւ… Վերջինի պարագային ան նաեւ ոտքերը կը պրկէ:

4.- Ձանձրոյթ

Այո՛, որքան որ ալ տարօրինակ թուի, երեխան նաեւ ձանձրոյթէն կու լայ: Ան կը ձանձրանայ անընդհատ նոյն տեղը պառկելէն, միեւնոյն առաստաղը դիտելէն: Պէտք է խաղալ եւ խօսիլ երեխային հետ, պատշգամ հանել, շարժուն խաղալիքներով գրաւել անոր ուշադրութիւնը եւ այլն…

5.- Յոգնութիւն

Երեկոյեան երեխան արդէն կուշտ է, լոգցած ու մաքուր, բայց եւ այնպէս լալու կը սկսի: Այսպիսով, երեխան դուրս կը հանէ օրուան ընթացքին կուտակած զգացողութիւններն ու յոգնածութիւնը: Անոր համար ստեղծեցէք խաղաղ միջավայր եւ քնացուցէք:

Յառաջիկայ ԳարունԱմառ
Նորաձեւութեան Հիմնական Միտումները

Փարիզէն մինչեւ Միլանօ, Լոնտոն եւ Նիւ Եորք, աշխարհի մեծագոյն ոճաբանները բեմ բարձրացուցին եւ ներկայացուցին իրենց վերջին յղացումները, ինչ կը վերաբերի 2025-ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան: Ամփոփենք հիմնականը:

Կէտաւոր

Հագուստ ըլլայ, տաբատ, թէ աքսեսուար (յատկապէս` պայուսակներ), կէտաւորը կրկին նուաճեց բեմերը եւ դարձաւ նորաձեւութեան շաբաթներու աստղը:

Փուչիկ Կիսաշրջազգեստ

Կարճ, թէ երկար, փուչիկ կիսաշրջազգեստները արդէն իսկ նուաճած են ընկերային ցանցերն ու հագուստի խանութները: Կայ ցերեկային եւ գիշերային առիթներու նախատեսուած մեծ տեսականի:

Ծաղկաւոր

Վերջին երկու տարիներու բացակայութենէ ետք, ծաղկաւոր նախշը կրկին բեմ բարձրացած է: Շատերու համար այս «ռեթրօ» ոճը կը յիշեցնէ տատիկին բազմոցը… Ասիկա պատահականութիւն չէ, այլ` ոճաբաններու կողմէ միտումնաւոր ընտրութիւն:

Թափանցիկ Տաբատ

Թափանցիկ կտորները միշտ ալ նուաճեր են նորաձեւութեան բեմերը: Յառաջիկայ եղանակին, սակայն, խօսքը կը վերաբերի տաբատներուն: Համարձակները պիտի կարենան կրել շատ լայն, բայց նաեւ մարմնին կիպ թափանցիկ տաբատներ:

ԿիսաշրջազգեստՏաբատ

Հարցական է, թէ որքանով հանգստաւէտ եւ գործնական է կիսաշրջազգեստ-տաբատը. բայց եւ այնպէս, անիկա շատ մը ոճաբաններու ընտրութիւնն է եւ նախատեսուած` ցերեկային եւ գիշերային առիթներու համար:

Նաեւ Նորաձեւ Են`

– Գծաւոր կտորները
– Բաց կապոյտն ու բաց վարդագոյնը
– Կոնքէն վար տաբատները
– Ճմռթկուած կտորները
– Ծոպաւոր հագուստները

Աքսեսուարներ

Ինչ կը վերաբերի 2025-ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան աքսեսուարներուն,  յայտնենք, որ նորաձեւութեան շաբաթներու հիւրերու աչքերէն չվրիպեցան`

– «sautoir» մանեակները, որոնք կը յատկանշուին իրենց երկարութեամբ եւ կախազարդով:
– Զոյգ կրուող մեծ ու փոքր պայուսակները
– Փոքրիկ կլոր, բացուածքով կօշիկները
– Մեծ, աչքառու ապարանջանները
– Ծոպաւոր պայուսակները Ծոպաւոր հագուստները

Քանի Մը Տողով,,,

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, նախաճաշելու իտէալական ժամը առտուան 7:00-8:00-ի միջեւ է. երբեք` ժամը 10:00-էն ետք: Կէսօրուան իտէալական ժամը` 12:00-էն 2:00-ի միջեւ է, երբեք` ժամը 4:00-էն ուշ: Ընթրիքի յարմարագոյն ժամը երեկոյեան 6:00-էն 9:00-ի միջեւ է, երբեք` 10:00-էն աւելի ուշ. պէտք է ընթրել քնանալէ առնուազն 3 ժամ առաջ:

Այս ժամերը յարգելով` ուղեղը աւելի լաւ կ՛աշխատի, նոյնպէս ալ` մարսողական համակարգը:

* * *

Նուշը հարուստ է էօ. կենսանիւթով եւ կ՛օգնէ առողջ մորթ ունենալու: Հալէպի պիստակը հարուստ է լիւթէինով եւ կ՛ապահովէ աչքերուն առողջութիւնը: Ընկոյզը մեծ քանակութեամբ օմեկա 3 կը պարունակէ եւ կը խթանէ ուղեղին առողջ գործունէութիւնը: Շագանակը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ եւ յանձնարարելի է նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն: Վերջապէս, գետնանուշը բարձր տոկոսով բնաթել կը պարունակէ եւ կը վերահսկէ ուտելու փափաքը:

* * *

Քիուի մը կրկնապատիկը Սէ. կենսանիւթ կը պարունակէ, քան` նարինջ մը: Կէս գաւաթ թուզը նոյնքան կիր կը պարունակէ, որքան` կէս գաւաթ կաթը:

Անանասը աւելի արագ կը հասուննայ, եթէ զայն գլխիվար պահէք: Տոպրակի մէջ զետեղուած պանան մը կ՛օգնէ, որ մէջի աւոքատոն աւելի արագ հասուննայ:

Եթէ նուռը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ մաքրէք, հատիկները շատ արագ կը բաժնուին ու կ՛իջնեն ջուրին յատակը, մինչդեռ մաշկերն ու կեղեւը կը ծփան ջուրի երեսին:

* * *

Մասնագէտներու կարծիքով, հաւասարակշռուած կենսակերպը ուրախ կեանք կ՛ապահովէ. անոնք կը մեկնին 8+8+8 սկզբունքէն: Եւ այսպէս`

– 8 ժամ ամբողջական աշխատանք,
– 8 ժամ հանգիստ քուն,
– 8 ժամ պէտք է տրամադրել` ընտանիքին, ընկերներուն, առողջութեան, մարզանքին, սիրելի ժամանցին, ծառայութիւններուն, ժպիտին եւ այլն…

* * *

Հետազօտութիւններ հաստատած են, որ լաւ զգալու համար կան դիւրին եւ արագ լուծումներ. եւ այսպէս`

– Եթէ զայրացած էք, երաժշտութիւն ունկնդրեցէք:
– Եթէ յոգնած կը զգաք, մրափ մը առէք:
– Եթէ տխուր էք, մարզանք ըրէք:
– Եթէ մտահոգ էք, շնչառութեան եւ խոկալու վարժութիւններ ըրէք:
– Եթէ ծուլացած կը զգաք, հրաժարեցէք պաստառներէն` բջիջային հեռախօս, պատկերասփիւռ եւ այլն…
– Եթէ ընկճախտի մէջ էք, (բնութեան մէջ, ծովեզերքը, մօտակայ զբօսայգիին մէջ) քալեցէք:

Խոհագիր

Աղի Ձողիկներ

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ գաղջ ջուր
1 թէյի դգալ թթխմոր
1 ապուրի դգալ շաքար
Կէս գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
3 գաւաթ ալիւր
2 ապուրի դգալ եգիպտացորենի ալիւր
1 թէյի դգալ աղ
1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
4 ապուրի դգալ ծոթրին (կամ սեւ շուշմայ, անիսոն եւ այլն…)

Պատրաստութիւն

Գաղջ ջուրին մէջ աւելցնել թթխմորը, շաքարը եւ լաւ խառնել, ապա յաջորդաբար աւելցնել` ձիթապտուղի ձէթը, ալիւրը, եգիպտացորենի ալիւրը, աղը, պէյքինկ փաուտըրը եւ ծոթրինը:

Բաղադրիչները շատ լաւ հունցել ելեկտրական գործիքով կամ ձեռքով, մինչեւ որ փափուկ խմոր մը ստացուի: Խմորը ծածկել եւ տաքուկ տեղ մը կէս ժամ ձգել, որպէսզի հանգչի:

Խմորը մասերու բաժնել եւ, ըստ ճաշակի, ձեւաւորել ձողիկներու տեսքով կամ կլոր, շարել քիչ մը ձէթով ծեփուած ափսէի մէջ եւ եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 180 ջերմաստիճանով` շուրջ 20 վայրկեան:

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

«Ձեր հետագայ կեանքի ընթացքին, ինչ ալ որ ըլլան ձեր պայմանները, ուր ալ որ գտնուիք, պահեցէք միշտ այն ոգին, ազատութեան, հաւատարմութեան, ընկերականութեան, փոխադարձ յարգանքի, իրերու եւ երեւոյթներու լայնախոհ եւ անկաշկանդ քննարկումի այն սկզբունքներն ու աւանդութիւնները, որոնք Ճեմարանին են, եւ զորս Ճեմարանը ներշնչեց ձեզի:

Ու անմար թող մնայ մանաւանդ ձեր սրտերուն մէջ պաշտամունքը` հայ ժողովուրդին, անոր բազմաչարչար, բայց միշտ հպարտ հայրենիքին, անոր լեզուին, անոր մտքի եւ հոգիի բոլոր ստեղծագործութիւններուն»:

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

Օրեր առաջ (3 մարտ 1930) Ճեմարանը դարձաւ 95 տարեկան:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>