Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայ գրողներու կիները կիսեր են իրենց ամուսիններուն բաժին հասած փորձութիւններն ու հալածանքները. անոնց բացակայութեան, մահուան կամ բանտարկութեան իրենց վրայ վերցուցեր են ընտանիքին հոգը: Անոնք նաեւ մեծ հոգատարութիւն դրսեւորեր են իրենց ամուսիններուն գրական ժառանգութեան փրկութեան եւ պահպանման համար: Երբեմն նոյնիսկ բանտարկութեան վտանգը արհամարհելով, իմաստութիւն եւ խիզախութիւն ցուցաբերելով` փրկեր են անոնց ձեռագիրները:
Գրականագէտ – Իսահակեանագէտ Աւիկ Իսահակեանը հետեւեալ հետաքրքրական դրուագը կը պատմէ իր մեծ մօր` Սոֆիա Իսահակեանին նուիրուած` «Սոֆիա` Աւետիքի Բարի հրեշտակը» յուշագրութեան մէջ:
1912-ի Հոկտեմբերին Ցիւրիխ կը ժամանեն Իսահակեանին կինը` Սոֆիան, որ ամուսինին չէր տեսած 1911-ի յունիսէն ի վեր, եւ տղան` Վիգէնը, որմէ հայրը բաժնուեր էր, երբ ան 7 ամսական էր: Վերջապէս բանաստեղծին ընտանիքը կը հաւաքուի նոյն յարկին տակ, թէկուզ օտար ափեր, թէկուզ օտար քաղաք, բայց` միասին:
Երբ Ցիւրիխի կայարանը Իսահակեանը կը հանդիպի իր կնոջը եւ կը տեսնէ, որ ան վակոնէն մէկը միւսին ետեւէն կ՛իջեցնէ կանացի գլխարկներու համար նախատեսուած կլոր, մեծ չափի տուփերը, զարմացած կը հարցնէ, թէ այսքան գլխարկ ո՞ւր պիտ կրէ:
Տունը Իսահակեան կը բանայ գլխարկներուն տուփերը եւ ի յայտ կու գան «Ուստա Կարօ», «Աբու-Լալա Մահարի» եւ «Բանաստեղծութիւններ» գործերուն ձեռագիրները, թուղթեր, որոնց մասին կրնար միայն երազել…
Բանաստեղծը կը հասկնայ, որ փոքր երեխան գիրկը, այդ երիտասարդ, վտիտ ուսերով կինը երեք երկիրներու սահմաններէ անցուցեր է վտարանդի ամուսինին ձեռագիրներ` ինզքինք վտանգելով եւ մոլորեցնելով մաքսատուներու քննիչները: Այդ պահուն կը բացագանչէ. «Սոֆիա՛, դուն իմ պահապան հրեշտակ:
Ահա այսպիսին էր վտարանդի բանաստեղծին կինը, յեղափոխական բանաստեղծին կինը` Սոֆիան:
Մանկավարժին Կարծիքով
Քոյրերու Եւ Եղբայրներու
Մրցակցութիւն
Քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ մրցակցութիւնը ընտանեկան կեանքի անբաժան մասն է: Ան կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր ձեւերով` սկսելով մանր վէճերով եւ հասնելով մինչեւ լուրջ հակամարտութիւններու:
Այս մրցակցութիւնը յաճախ կը ծագի երեխաներու միջեւ սիրոյ, ուշադրութեան եւ ճանաչման համար պայքարէն: Ծնողներուն համար կարեւոր է հասկնալ այս երեւոյթին պատճառներն ու հետեւանքները եւ ինչպէս վարուիլ` ընտանեկան ներդաշնակութիւնը պահպանելու համար:
Մրցակցութեան Պատճառները
Ա.- Ուշադրութեան համար պայքար.- Երեխաները յաճախ կը մրցակցին ծնողներու ուշադրութեան համար: Երբ ընտանիքին մէջ նոր երեխայ կը յայտնուի, մեծը կրնայ զգալ, որ իր տեղը կորսնցուցած է: Այս զգացումը կրնայ յանգեցնել «ակրեսիւ» վարքագիծի եւ կամ կը սկսի վարուիլ ու խօսիլ աւելի փոքր տարիքի բնորոշ ձեւով:
Բ.- Անհատականութեան ձեւաւորում.- Երեխաները կը մրցակցին նաեւ իրենց անհատականութիւնը արտայայտելու համար: Անոնք կ՛ուզեն ուշադրութիւն գրաւել իրենց իւրայատկութեամբ եւ ապացուցել, որ իրենք արժանի են ծնողներու գնահատանքին:
Գ.- Տարիքային տարբերութիւններ.- Տարիքով մեծ երեխաները յաճախ աւելի շատ պատասխանատուութիւններ կը վերցնեն, բան մը, որ կրնայ լարուածութիւն յառաջացնել փոքրերուն հետ յարաբերութիւններուն ընթացքին: Միեւնոյն ատեն փոքր երեխաները կրնան զգալ, որ իրենց ազատութիւնները սահմանափակուած են մեծ եղբայրներուն կամ քոյրերուն կողմէ:
Դ.- Ծնողներու վարքագիծ.- Երբեմն ծնողները առանց անդրադառնալու կը նպաստեն մրցակցութեան` այս կամ այն երեխային ի նպաստ կողմնորոշուելով: Այս վարքագիծը կրնայ խորացնել երեխաներուն միջեւ հակամարտութիւնը:
Մրցակցութեան Հետեւանքները
Քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ մրցակցութիւնը կրնայ ունենալ թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական հետեւանքներ:
Ա.- Դրական.- Մրցակցութիւնը կրնայ երեխաներուն սորվեցնել լուծել իրենց հակամարտութիւնները, պաշտպանել իրենց դիրքերը եւ յարգել ուրիշներու կարծիքը: Մրցակցութիւնը նաեւ կրնայ խթանել երեխաները` զարգացնելու իրենց ունակութիւնները եւ յաջողիլ տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Բ.- Բացասական.- Եթէ մրցակցութիւնը չափազանցուած է, ան կրնայ յանգեցնել երկարատեւ թշնամանքի եւ նոյնիսկ հոգեբանական խնդիրներու: Երեխաները կրնան զգալ, որ իրենք նուազ սիրուած են, ինչ որ կ՛ազդէ անոնց ինքնագնահատականին վրայ:
Եզրակացութիւն
Քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ մրցակցութիւնը բնական երեւոյթ է, որ կրնայ ունենալ ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական ազդեցութիւն: Ծնողներուն դերն է կառավարել այդ մրցակցութիւնը եւ օգնել երեխաներուն` սորվիլ փոխադարձ յարգանքի, համագործակցութիւն եւ տարակարծութիւններու խաղաղ լուծում:
Իւրաքանչիւր երեխայ յատուկ է, եւ անոնց միջեւ ներդաշնակ յարաբերութիւններ ստեղծելը կախեալ է ծնողներուն ցուցաբերած սէրէն, ուշադրութենէն եւ հաւասար վերաբերմունքէն:
Ոճաբաններու Կարծիքով
Ծերացնող Գոյներ
Հագուստը ընդհանուր ոճի էական մասն է. եւ անոր ճիշդ ընտրութիւնը ինքնին արուեստ է: Հագուստին կտրուածքը, նիւթը, երանգներն ու նախշերը մեծապէս կ՛ազդեն ընդհանուր տեսքին եւ կ՛օգնեն աւելի սլացիք, նիհար կամ երիտասարդ տեսք հաղորդելու: Միւս կողմէ` կան գոյներ, որոնք որոշ տարիքէ ետք կը ծերացնեն ընդգծելով մարմնին կամ դէմքին կարգ մը թերութիւնները:
Ոճաբաններու կարծիքով, որոշ տարիքէ մը ետք պէտք է խուսափիլ սեւէն եւ մոխրագոյնէն: Թէեւ այս գոյները կը համարուին դասական եւ պարտադիր գոյներ վայելուչ կնոջ մը համար, սակայն անոնց չարաշահումը կը ծերացնէ ենթական եւ կը շեշտէ անոր դէմքին կնճիռները: Ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է ամբողջութեամբ հրաժարիլ այս գոյներէն, պարզապէս անհրաժեշտ է մեղմացնել հակադրութիւնը` աքսեսուարներու համադրութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի այլ ծերացնող գոյներուն, ոճաբաններու ցանկին վրայ են մութ շագանակագոյնը. պեժի երանգները, «փասթել» գոյները, սաղմոնի վարդագոյնը եւ մանիշակագոյնի որոշ երանգները:
Ոճաբաններու կարծիքով, վերը նշուած գոյները հակուած են ծերացնելու մորթը` ընդգծելով անոր թերութիւնները, ինչպիսին են` գունատութիւն, յոգնածութիւն, կնճիռներ, մութ արատներ աչքերուն տակ եւ այլն…
Հինը Նորի Վերածենք
Իրերը վերիմաստաւորելու եւ անոնց երկրորդ կեանք մը տալու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորին տրուած չէ: Եկէ՞ք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են շապիկի թեւի մը, գզրոցներու մէջ պահուած ձեռագործներու եւ կամ հին ճինզ տաբատի մը գրպանին…
Եթէ առիթով մը խմիչք պիտի նուիրէք բարեկամի մը, զայն ծրարելու համար օգտագործեցէք հին շապիկի մը թեւը եւ արդէն տարիներէ ի վեր չօգտագործուող թիթեռնիկ փողկապ մը:
Եթէ գզրոցի մը մէջ խնամքով պահած էք ասեղնագործ կամ քրոշէ ձեռագործներ եւ չէք գիտեր ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր ցուցադրել, զանոնք հաստատեցէք միագոյն, երկար կտորի մը վրայ եւ որպէս կեդրոնական զարդ ճոխացուցէք ձեր ճաշասեղանը:
Ձեր շուկայի պայուսակին երկրորդ կեանք մը տուէք` անոր վրայ հին ճինզ տաբատի մը գրպանը կարելով: Հոն կրնաք զետեղել ձեր բանալիները եւ բջիջայինը:
Խոհագիր
Խորոված Ծաղկակաղամբ`
Սիսեռով Եւ Հալլում Պանիրով
– 1 միջակ չափի ծաղկակաղամբ` փոքրիկ փունջերու բաժնուած
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– Կէս թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– Կէս թէյի դգալ քրքում
– Աղ, սեւ պղպեղ
– 400 կ. խաշած սիսեռ` 1 ապուրի դգալ ձէթի մէջ տապկուած, պտղունց մը աղով եւ կէս թէյի դգալ քիմիոնով:
– 200 կ. հալլում պանիր` խորանարդաձեւ կտրատուած եւ 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթի մէջ տապկուած:
Զարդարանքի համար` մանրուած ազատքեղ, խորոված նուշ:
Պատրաստութիւն
Մեծ ամանի մը մէջ խառնել` ձիթապտուղի ձէթը, մեղրը, կարմիր փոշի պղպեղը, քրքումը, աղն ու սեւ համեմը:
Թացանին աւելցնել ծաղկակաղամբի փոքրիկ փունջերը եւ լաւ խառնել:
Ծաղկակաղամբի կտորները շարել ափսէի վրայ եւ 30-35 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել ծաղկակաղամբը, աւելցնել խրթխրթան սիսեռը եւ հալլում պանիրը:
Զարդարել մանրուած ազատքեղով եւ նուշով:
Ծաղկակաղամբ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ
ՍԷ., ՔԱ.1, ԷՕ. եւ ՊԷ. խումբի կենսանիւթերով հարուստ ծաղկակաղամբը կը պարունակէ նաեւ հանքայիններ` կիր, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր եւ մանկանեզ: Անիկա քիչ իւղ կը պարունակէ եւ հարուստ է Օմեկա 3-ով եւ բնաթելերով: Հետեւաբար`
– Ծաղկակաղամբը կը կանխէ սրտի հետ կապուած հիւանդութիւններն ու որոշ տեսակի քաղցկեղները (թոքի, միզապարկի, կրծքագեղձի, շագանակագեղձի, ձուարանի, արգանդի…):
– Կը կարգաւորէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
– Կը զօրացնէ դիմադրողական համակարգը:
– Կը պահպանէ ուղեղին առողջութիւնը:
– Կ՛ամրացնէ ոսկորները եւ կը կանխէ օսթէոփորոզը:
– Կ՛ապահովէ մորթին եւ մազերուն առողջութիւնը:
– Կ՛օգնէ Նիհարնալուն:
– Կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն, յատկապէս` «macular degeneration»-էն:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայաստանին
Հազար ու մի վէրք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես,
Հազար խալխի ձեռք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես:
Աշնան քաղած արտի նման` Հազար զոհերի
Չհաւաքուած բերք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես:
Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման,
Հազար տարուան հերք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես:
Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան,
Ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան,
Հազար ու մի երգ ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես:
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ
* Այսօր ( 13 մարտ 1897), մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան օրն է: