Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այսօր մարտ 20-ը գարնան առաջին օրն է: Ձմրան եղանակէն գարուն անցումը միշտ տեղի կ՛ունենայ մարտ ամսուն: Այս ամսաթիւը, սակայն, հաստատուած չէ, քանի որ անիկա կախեալ է գարնանային գիշերահաւասարէն, որ տեղի կ՛ունենայ մարտ 19-ին, 20-ին կամ 21-ին` նայած տարուան պայմաններուն:
2025-ի գարունը կը սկսի այսօր` մարտ 20-ին եւ կ՛աւարտի յունիս 21-ին:
Գարնան տօնակատարութիւնները երկրէ երկիր կը տարբերին: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները` նշելու համար նորացման այս եղանակը: Եւ այսպէս`
Image may be NSFW.
Clik here to view.– Հնդկաստանի մէջ «Հոլի»-ին գունեղ փառատօն է: Փառատօնի ամբողջ ընթացքին մասնակիցները իրարու վրայ գունաւոր փոշի կը ցանեն յարգելու գարնան գոյները եւ հինտու դիցաբանութեան առասպելները: «Հոլի»-ն սովորաբար մէկ օր եւ մէկ գիշեր կը տեւէ, անիկա փառք է անցած ձմրան եւ գարնան ծնունդին:
– Թայլանտի մէջ «Սոնկքրան» կը նշանակէ «աստղագիտական անցում»: Անիկա կը նշուի որպէս նոր տարի եւ տեղի կ՛ունենայ գարնանային գիշերահաւասարէն անմիջապէս ետք: Փառատօնին մասնակիցները պուտտայական տաճարներ կ՛այցելեն եւ իրարու վրայ ջուր կը ցօղեն: Տօնակատարութիւնները երբեմն կը տեւեն վեց օր:
– Իրանի մէջ «Նովրուզ» բառը կը նշանակէ «նոր օր»: Անիկա կը նշուի երկրի օրացոյցի առաջին օրը` գարնանային գիշերահաւասարի հետ յարաբերակցութեամբ:
Յաճախ այս տօնակատարութիւնը կը սկսի տուներու մեծ մաքրութեամբ: Խարոյկները, ազգային տարազները եւ ընտանեկան հաւաքներն ու համադամ ճաշատեսակները կը յատկանշեն քանի մը օրուան վրայ երկարող տօնակատարութիւնները: Նովրուզը նորացման եւ վերածնունդի ձօն է:
Ճափոնի մէջ գարունը կը նշուի հոգեւոր մտորումներով եւ ուրախ տօնակատարութիւններով: «Հիկան»-ի եօթնօրեայ պուտտայական տօնակատարութիւնը կը ներառէ` տաճարներու այցելութիւն, նախնիներուն նուէրներու մատուցում եւ ներքին խաղաղութեան որոնում:
Image may be NSFW.
Clik here to view.Ճափոնի կեռասենիները ամէն տարի կը ծաղկին գարնանամուտին` պարզելով հիանալի գոյներու անհաւատալի տեսարան: Երկրի այս սուրբ ծառերը նաեւ այն վայրն են, որոնց տակ տեղացիները կը հաւաքուին վերածնած բնութիւնը տօնելու համար: Այս իւրայատուկ տօնակատարութիւնը ծանօթ է «Հանամի» անունով, անիկա ոչ միայն կը խորհրդանշէ կեռասենիներու ծաղկումը, այլեւ նորացման եւ լաւատեսութեան որոնումը` ծաղիկներու տեսքով:
* * *
Մարտ 20-ը նաեւ «Հեքիաթի համաշխարհային օր»-ն է: Ամէն տարի զայն կը նշեն մարտի գիշերահաւասարին: Այս օրը բանաւոր պատմելու արուեստի համաշխարհային տօն է: Մեծ թիւով մարդիկ աշխարհի չորս ծագերուն կը պատմեն ու կը լսեն հեքիաթներ` տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր լեզուներով:
Image may be NSFW.
Clik here to view.Հեքիաթի Միջազգային օրուան արմատները կու գան Շուէտէն` 1992-էն: 2009-էն ի վեր այս օրը կը նշուի ամէնուրեք եւ նպատակ ունի միաւորելու իրարմէ հեռու ստեղծագործող հեքիաթասացները եւ շեշտելու կարեւորութիւնը` հեքիաթը որպէս արուեստի անբաԺան մաս:
Ամէն տարի Հեքիաթի համաշխարհային օրը կ՛ընտրէ յատուկ բնաբան մը, այս տարուան բնաբանը «Խոր ջուր»-ն է:
* * *
Մարտ 20-ին նաեւ կը նշուի հետեւեալները.
– Առանց միսի միջազգային օրը,
– Ֆրանքոֆոնիի միջազգային օրը,
– Ճնճղուկներու համաշխարհային օրը,
– Մաքարոնի (հրուշակեղէն) միջազգային օրը,
– Երջանկութեան միջազգային օրը,
– Բերանի խոռոչի առողջութեան համաշխարհային օրը:
Քիչ Մը Կենցաղավարութիւն
Կենցաղավարութիւնը, որ յաճախ կը համարուի խիստ կանոններու շարք, խորքին մէջ նուրբ արուեստ է, որ կը հարստացնէ ընկերային փոխյարաբերութիւնները եւ կը բարելաւէ կեանքի որակը:
Կենցաղավարութիւնը վարքագիծի եւ վերաբերմունքի ամբողջ շարք մըն է, որ յարգանք եւ քաղաքավարութիւն կը դրսեւորէ ուրիշներու նկատմամբ:
Քաղաքավարութիւնը լաւ վարքագիծի հիմքն է: Անիկա կ՛ենթադրէ յարգալից խօսքերու եւ ժեսթերու օգտագործում` ուրիշներու հանդէպ: Եւ այսպէս` 5 պարզ օրինակներ.
Կանոններ Հասարակութեան Մէջ
– 1 –
Image may be NSFW.
Clik here to view.Տունը ընթրիքի սեղանին շուրջ, գործընկերներու հետ ճաշարանը, կամ բարեկամներու այցելութեան ընթացքին մէկ կողմ դրէք ձեր բջիջային հեռախօսը եւ եղէք ներկայ: Կրնաք անջատել, ձայնազերծել ձեր բջիջայինը, որպէսզի ձեր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնէք այն անձերուն վրայ, որոնց հետ այդ պահուն ներկայ էք:
Ոչինչ աւելի հիասթափեցնող չէ, քան` ըլլալ մէկու մը հետ, որ ֆիզիքապէս ներկայ է, բայց` ոչ մտովին:
Եթէ կարեւոր զանգի մը կը սպասէք (հիւանդի, երեխայի կամ գործի հետ կապուած), ներկաներուն ներողամտութիւնը խնդրեցէք, բացատրեցէք իրավիճակը եւ շատ արագ ստուգեցէք ձեր զանգերը:
– 2 –
Մի՛ տեղադրէք ուրիշներու նկարները ընկերային ցանցերու վրայ` առանց անոնց հաւանութիւնը առնելու: Բարեկամներով հաճելի եւ զուարճալի հանդիպում մը կ՛ուզէք բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, առցանց մի՛ տեղադրէք անոնց կամ անոնց երեխաներու նկարները եւ մի՛ նշէք օրն ու վայրը` առանց բոլորին կարծիքը առնելու: Այն, ինչ որ ձեր կարծիքով զուարճալի է, միւսները կրնան ամօթալի համարել, կամ թերեւս անոնք պարզապէս կը նախընտրեն գաղտնիութիւնը… հետեւաբար պէտք է յարգել անոնց ցանկութիւնը:
– 3 –
Խուսափեցէք ձայնային հաղորդագրութիւններէն կամ զանոնք հակիրճ դարձուցէք: Ինչո՞ւ լսել մինչեւ 2-3 վայրկեան տեւողութեամբ ձայնային հաղորդագրութիւն մը, երբ կարելի է գրութիւնը կարդալ մէկ վայրկեանի ընթացքին:
– 4 –
Image may be NSFW.
Clik here to view.Տեղեկացուցէք դիմացինին երբ ան միացած է բարձրախօսին: Ինքնաշարժ վարելու ժամանակ, բջիջայինի զանգին պատասխանելու յարմար միջոց է բարձրախօս օգտագործելը: Բայց որպէսզի անյարմար կացութիւններ չստեղծուին, ձեր խօսակիցին ըսէք. «Բարեւ, ուրախ եմ, որ կը հեռաձայնես, ես ինքնաշարժ կը վարեմ, հետեւաբար դուն բարձրախօսի վրայ ես, եւ ես առանձին չեմ»:
– 5 –
Image may be NSFW.
Clik here to view.Անջատեցէք կամ կարգաւորեցէք ձեր բջիջայինը, որպէսզի չթրթռայ հանրային վայրերու մէջ: Չկայ աւելի զզուելի եւ զայրացնող բան, քան յանկարծ, բարձր հնչող (յաճախ անորակ) երգ մը կամ նուագ մը` թատերական ներկայացումի մը կամ համոյթի մը ընթացքին:
Ծանօ՞թ Էք Դափնիի Տերեւներուն
Անհամար Բարիքներուն
Դարեր առաջ յոյներն ու հռոմէացիները դափնիի տերեւներով պատրաստուած պսակներով կը պատուէին իրենց հերոսներն ու ողիմպիականներուն յաղթող մարզիկները: Իսկ Ամերիկայի բնիկ հնդիկները դափնին կը համարէին սուրբ բոյս:
Այսօր արդէն այս բոյսը յաճախ կ՛օգտագործուի դեղերու պատրաստութեան մէջ` իբրեւ ցաւազերծիչ, հակաբորբոքային եւ մանրէասպան միջոց:
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ դափնիի տերեւները բարենպաստ ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ:
– Կը բարելաւեն մարսողական համակարգը:
– Կը բուժեն որոշ շնչառական հիւանդութիւններ:
– Կ՛ամրապնդեն դիմադրողական համակարգը:
– Կը պաշտպանեն սրտի հիւանդութիւններէն:
– Կը կանխեն քաղցկեղի որոշ տեսակներ:
– Կը կանխեն երիկամներուն մէջ քարերու յառաջացումը:
– Կը նուազեցնեն ընկճախտը:
– Դրական ազդեցութիւն կը գործեն յիշողութեան վրայ:
Մեր օրերուն դափնիի տերեւները կ՛օգտագործուին եոկայի պահերուն, մարձումի սրահներուն եւ առողջարաններուն մէջ:
Image may be NSFW.
Clik here to view.Տան մէջ խնկամանին կամ մետաղեայ ամանի մը մէջ քանի մը դափնիի տերեւ վառելու պարագային`
– Սենեակը կը լեցուի անուշ բոյրով:
– Սենեակին մէջ կը տիրէ հանգիստ, խաղաղ մթնոլորտ:
– Սենեակը կը մաքրուի ժխտական ալիքներէն:
– Կը նուազի ընկճախտը, լարուածութիւնը, անձկութիւնը:
– Կ՛ախտահանուի սենեակը եւ կ՛անհետանան անբաղձայի միջատները:
Բժիշկներու կարծիքով, վառած դափնիին հոտը յանձնարարելի չէ յղի կիներուն, 7 տարեկանէն վար երեխաներուն եւ շնչառական հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն:
Image may be NSFW.
Clik here to view.Շատերու տան մէջ դափնիի տերեւները կ՛օգտագործուին կերակուրներու պատրաստութեան մէջ, յատկապէս` մսեղէնները պատրաստելու եւ եփելու ընթացքին:
Ոմանք դափնիի տերեւներ կը զետեղեն ընդեղէններու շիշերուն մէջ` իբրեւ ճճիները հեռու պահող միջոց: Պարզուած է, որ այս բոյսը հիանալի ախտահանիչ է եւ միջատները վանող զէնք` ցեցերէ, ուտիճներէ եւ այլ միջատներէ պաշտպանուելու համար:
Image may be NSFW.
Clik here to view.Հիմա արդէն նոյն այս տերեւները կ՛օգտագործուին գեղեցկագիտական արտադրութիւններու մէջ` զանազան ծեփուկներ եւ սերեր պատրաստելու համար: Ծեփուկներ, որոնք փայլք կու տան մազերուն եւ կ՛երիտասարդացնեն մորթը:
Խոհագիր
Արմաւով Կարկանդակ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Բաղադրիչներ
– 2 քաղցր խնձոր
– 2 1/2 գաւաթ մաղուած ալիւր
-1 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ աղ
– Կէս թէյի դգալ փոշի կասիա
– Քառորդ թէյի դգալ մշկընկոյզ
– Կէս գաւաթ կակուղ կարագ
– 3/4 գաւաթ շաքար
– 2 հաւկիթ
– Կէս գաւաթ կաթ
– 1 գաւաթ մանրուած արմաւ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Ելեկտրական հարիչով հարել կարագն ու շաքարը:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, աղը, կասիան եւ մշկընկոյզը:
Առանձին հարել հաւկիթները եւ աւելցնել կարագ-շաքար խառնուրդին, ապա աւելցնել ալիւրին կէսը եւ շարունակել հարել:
Աւելցնել կաթն ու մնացեալ ալիւրը եւ 5 վայրկեան եւս հարել: Վերջապէս, աւելցնել արմաւը եւ մանրուած 2 խնձորները եւ փայտեայ դգալով մը լաւ խառնել:
Կարագով եւ ալիւրով ծեփուած կաղապարին մէջ լեցնել խառնուրդը եւ եփել շուրջ մէկ ժամ:
Շերտել եւ մատուցել լաւ պաղելէն ետք:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գարուն է:
Ես հաւաքում եմ բոլոր թռչուններին,
որ հարցնեմ, թէ ո՞ր երամի հետ
կարող եմ տուն գնալ…
Ինձնից բացի ոչինչ չունեմ
ինձ հետ տանելու,
իսկ ես մի փետուրի չափ եմ.
այդչափ են լինում բոլոր նրանք,
ովքեր աշխարհին նայում են
չուող թռչունի հայեացքով…
Ո՞վ գիտէ
որքա՞ն է կշռում այն երազանքը,
որում բողբոջել են
կորած երկրի անտառները…
Ես բողբոջի չափ եմ,
կ՛ամրանամ մի սիրուն փետուրի վրայ
եւ կը խնդրեմ թռչուններին,
որ չթափահարեն թեւերը,
որպէսզի երկնքից ցած չընկնեմ…
Գարուն է:
Ես հիմա ապրում եմ այն փոքր ցնցուղի մէջ,
որով մայրս ջրում էր ծաղիկները
եւ զրուցում արեւի հետ:
Տատիս գոգնոցի մէջ եմ ապրում,
որտեղ գարունը վայրի վարդերի
փնջեր էր թաքցնում
ու հպարտ-հպարտ
իջնում անտառներից…
Ես հիմա ապրում եմ հեռաւոր
տների ջրհորդաններում,
որպէսզի անձրեւների հետ հոսեմ,
պատմեմ հողին, որ մենք բոլորս
ապրում ենք օտար տների ջրհորդաններում
ու չենք կարողանում հոսել…
Գարուն է:
Դժուար է ապրել
պապիս հիւսած զամբիւղում
եւ ձնծաղիկների փնջերի միջից
փնտռել աշխարհը…
Գարուն է:
Նայում եմ երկնքին.
տեսնես վերադարձող թռչուններից մէկը
կը նկատի՞ ինձ…
ՀԵՐՄԻՆԷ