Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ոչ միայն երեխաներու կեանքին մէջ կան «կարելի չէ»-եր, այլ նաեւ` ծնողներուն: Եկէք, պարզենք, թէ երեխաներու դաստիարակութեան առաքելութեան գծով ի՛նչ բաներէ պէտք է խուսափին ծնողները:
1.- Կարելի չէ երեխան նուաստացնել մեղադրական արտայայտութիւններով: «Աւելի խելացի բան չէի՞ր կրնար ըսել», «Խելքդ ո՞ւր էր այս յիմարութիւնը ընելու պահուն» եւ այլն… այս խօսքերը ոչ միայն դաստիարակիչ չեն եւ հարց չեն լուծեր, այլ խորապէս կը վիրաւորեն երեխան եւ կ՛ազդեն անոր ինքնագնահատանքին վրայ:
2.- Կարելի չէ վախցնել երեխան. «Եթէ այսպէս շարունակես, գիշերօթիկ պիտի երթաս», կամ` «Վա՜յ քեզի, եթէ ցած նիշով տուն վերադառնաս» եւ այլն… Այս արտայայտութիւնները երեխային մօտ վախ կը ձեւաւորեն ծնողքին հանդէպ:
3.- Կարելի չէ խոստում դրժել: Այլապէս, կու գայ օրը, երբ երեխան, իր կարգին, կը դրժէ ծնողքին տուած իր խոստումները:
4.- Կարելի չէ չափազանց հոգատար ըլլալ եւ երեխային փոխարէն` կատարել անոր պարտականութիւնները: Հետագային ան կը դառնայ անպատասխանատու եւ ուրիշներէ կախեալ:
5.- Կարելի չէ երեխայէն պահանջել, որ տեւաբար հնազանդի. առիթ տալ անոր, որ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնէ, իսկ սխալելու պարագային` ճիշդ ճամբան ցոյց տալ: Ասիկա կ՛օգնէ երեխային իր առողջ կազմաւորման մէջ:
6.- Կարելի չէ անհետեւողական ըլլալ: Պէտք չէ, որ արգիլուած բան մը ուրիշ մը արտօնել եւ` հակառակը: Ծնողները պէտք է յստակ արգելքներ սահմանեն եւ անզիջող ըլլան, անշուշտ` խելամտութեան սահմաններուն մէջ:
7.- Կարելի չէ երեխայէն պահանջել անոր ուժերէն եւ կարողութենէ աւելի բաներ: Երեխային ինքնագնահատականը կրնայ տուժել, երբ տեսնէ, որ իրմէ պահանջուածին երբեք չի հասնիր:
8.- Կարելի չէ ժամերով քարոզ կարդալ երեխային: Անոնք շատ արագ կը հասկնան: Ծնողները յստակ ու պարզ պէտք է ձեւաւորեն իրենց պահանջները եւ սպասեն արդիւնքի:
9.- Կարելի չէ երեխան զրկել երեխայ ըլլալէ: Ձգել, որ ան ապրի իր տարիքի հոլովոյթներու զանազան փորձառութիւնները:
Առաւօտեան Սովորութիւններ, Որոնք Կ՛ամրապնդեն
Ձեր Յիշողութիւնն Ու Կեդրոնացումը
Առաւօտեան սովորութիւնները, ինչպէս` ջուր խմելը, մարզանքը, խոկումը եւ ուղեղի խթանման վարժութիւնները, կը բարելաւեն մտային աշխատանքը եւ կը խթանեն յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը: Եւ այսպէս`
– Օրը սկսէք ջուր խմելով: Առաւօտեան մէկ բաժակ ջուր խմելը կը վերականգնէ մարմինը, կը բարելաւէ ուղեղի արեան շրջանառութիւնը եւ կը զօրացնէ ճանաչողական գործառոյթները: Ասիկա կը յանգեցնէ` աւելի լաւ յիշողութեան, աւելի յստակ կեդրոնացման, օգնելով ձեզի զգօն եւ արդիւնաւէտ մնալ ամբողջ օրուան ընթացքին:
– Շնչառութեան եւ խոկումի վարժութիւններ կատարեցէք: Առաւօտեան քանի մը վայրկեան խոկումը կամ խոր շնչառական վարժութիւններ կատարելը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը բարելաւէ կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը:
– Կերէք ուղեղը խթանող նախաճաշ: Առողջ իւղերով, բնասպիտներով եւ հակաօքսիտաններով յագեցած նախաճաշը, ինչպէս` հաւկիթը, ընկոյզը եւ հատապտուղները, կ՛օգնեն ուղեղի աշխատանքին, կը բարելաւեն յիշողութիւնը եւ երկարատեւ ուժանիւթ կու տան օրուան ընթացքին աւելի լաւ կեդրոնանալու համար:
– Կարդացէք, հանելուկներ լուծեցէք, ուղեղի խթանման մարզումներ կատարեցէք: Առաւօտեան քանի մը էջ կարդալը, «սուտոքու» խաղալը, խաչբառ լուծելը կ՛արթնցնեն ուղեղին բջիջները, կը զօրացնեն յիշողութիւնը, կը բարելաւեն ճանաչողական համակարգը:
– Դուք ձեզ արեւի լոյսին պարզեցէք: Առաւօտեան արեւին տակ դուրսը քալելը կը բարձրացնէ Տէ. կենսանիւթի արտադրութիւնը եւ կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը` բարելաւելով յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը: Օրուան ընթացքին ձեր աշխատանքը կ՛ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ եւ դրական:
– Խուսափեցէք մտային ծանրաբեռնուածութենէ: Առտու կանուխ սահմանափակեցէք համակարգիչի կամ բջիջայինի օգտագործումը` կանխելու համար մտաւոր յոգնածութիւնը: Այսպիսով ձեր ուղեղին հնարաւորութիւն կու տաք դիւրութեամբ ստանալու տեղեկութիւնները եւ պահպանել յիշողութիւնը:
– Երաժշտութիւն ունկնդրեցէք: Հանգստացնող երաժշտութիւն լսելը եւ դրական բաներու վրայ կեդրոնանալը նուազագոյնի կը հասցնեն ուշադրութեան շեղումը, կը բարելաւեն կեդրոնացումը` թոյլ տալով, որ միտքը հանգիստ վիճակի մէջ ընկալէ ու յիշէ ամէն բան:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
– ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐ-Ի եփի ջուրը մի՛ թափէք, զայն օգտագործեցէք`
ա- Տան յատակը մաքրելու համար,
բ – Ձեր բոյսերը ջրելու համար,
գ – Հաց պատրաստելու ընթացքին:
Այսպիսով, դուք կ՛ունենաք մաքուր եւ փայլուն յատակ, ձեր բոյսերը կը ստանան` երկաթ, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր, եւ աւելի առողջ կ՛աճին. վերջապէս, ձեր հացերուն կը հաղորդէք գետնախնձորի հաճելի համ:
* * *
– ԼՈՒԱՑՔ-ի մեքենային անհաճոյ հոտերը չէզոքացնելու համար օգտագործեցէք կերակուրի սոտան եւ քացախը:
Չկայ աւելի տհաճ բան, քան` տհաճ խոնաւութեան կամ աղբի հոտը, սակայն երկու պարզ եւ աժան միջոցներով կրնաք լուծել այս խնդիրը.
ա – Լուացքի մեքենային դեղի բաժինի տուփիկին մէջ լեցուցէք 200-400 կ սոտա եւ մեքենան լարեցէք բարձր ջերմաստիճանի եւ երկար ժամանակի յայտագիրով: Այսպիսով, սոտան կը հեռացնէ ձեր մեքենային մէջ ներծծուած բոլոր կեղտերն ու հոտերը,
բ – Այս առաջին փուլէն ետք նոյն գործողութիւնը կրկնեցէք ճերմակ քացախ օգտագործելով (250-500 մլ բաւարար է) եւ ձեր լուացքի մեքենան արդէն ամբողջովին ձերբազատած կ՛ըլլաք տհաճ հոտերէն:
* * *
– ՎԵՐՄԱԿ-ը կրնայ պարունակել քրտինքի հետքեր, ինչպէս նաեւ` մորթի մեռած բջիջներ. զայն պարբերաբար լուալը շատ անհրաժեշտ է անոր կեանքի տեւողութիւնը երկարելու եւ թարմացնելու համար, եւ այսպէս`
ա – Նախ ուշադիր կարդացէք պիտակը եւ վստահ եղէք, որ զայն կարելի է լուալ լուացքի մեքենայով,
բ – Լուացքի մեքենայի գզրոցին մէջ լեցուցէք ձեր սովորական հեղուկ դեղը, ապա աւելցուցէք 3-4 փաշի դգալ կերակուրի սոտա:
գ – Մեքենան աշխատցուցէք 40 ջերմաստիճանով:
դ – Լուացուած վերմակը լաւ թափահարեցէք եւ պարզեցէք արեւին:
* * *
ԸՆԿՈՅԶ-ին ամբողջ սննդական արժէքը պահպանելու համար անհրաժեշտ է զայն ճիշդ ձեւով պահել, քանի որ անիկա կրնայ արագ փճանալ: Անոր բարձր իւղայնութիւնը զայն կը դարձնէ զգայուն` ջերմութեան եւ խոնաւութեան նկատմամբ:
Ընկոյզը իր սննդական արժէքը կը պահպանէ, եթէ զայն զետեղէք զով, չոր եւ լոյսէ հեռու ապակեայ ամաններու մէջ:
Դափնիի տերեւ մը կ՛օգնէ զայն պաշտպանելու ճճիներէն:
Խոհագիր
Չիայի Սերմերով
Խրթխրթան Խորտիկ
Բաղադրիչներ
1 գաւաթ նուշի ալիւր
Քառորդ գաւաթ չիայի սերմեր
Կէս գաւաթ ջուր
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Կէս թէյի դգալ չոր խնկունի
Քառորդ թէյի դգալ աղ
Պատրաստութիւն
Փուռը նախապէս տաքցնել 165 ջերմաստիճան: Այս չափաւոր ջերմաստիճանը կ՛ապահովէ խրթխրթան խորտիկներուն համաչափ եփը:
Ելեկտրական հարիչով հատել նուշի ալիւրն ու չիայի սերմերը: Աւելցնել ջուրն ու ձէթը եւ փայտեայ դգալով շարունակել խառնել, մինչեւ որ համասեռ խմոր մը ստացուի:
Սկիզբը խառնուրդը թաց կը թուի, բայց շատ չանցած` չիայի սերմերը կը կլանեն խոնաւութիւնը: Սպասել 5 վայրկեան, որպէսզի խմորը հանգչի:
Երկու մոմապատ թուղթերու միջեւ զետեղել խմորը եւ գրտնակել, մինչեւ որ 3 կամ 1,5 մմ թանձրութեամբ բացուած խմոր մը ստացուի: Երեսի թուղթը զգուշութեամբ հանել, իսկ խմորը 10 վայրկեան սառնարան փոխադրել, որպէսզի ամրանայ:
Սուր դանակի մը, կամ փիծայի կլոր դանակի մը միջոցով ձեւաւորել խմորը եւ թուղթով միասին փոխադրել փուռի ափսէին մէջ, պատառաքաղով ծակծկել ձեւաւորուած խմորները, որպէսզի եփի ժամանակ չուռին եւ եփել 15-20 վայրկեան: Ուշադիր հետեւիլ, քանի որ նուշի ալիւրը կրնայ շատ արագ ոսկեգոյն դառնալ եւ ապա այրիլ: Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ լաւ պաղի, որպէսզի հացիկները չփշրուին:
Այս համեղ եւ առողջապահական խրթխրթան հացիկները կարելի է մատուցել որեւէ թաթխանի կողքին:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Չիա սերմերը չիա բոյսին (salvia hispanica) փոքրիկ, սեւ սերմերն են: Անոնց հայրենիքը Մեքսիքան եւ Կուաթեմալան են, ազթեքներն ու մայաները` որպէս հիմնական սնունդ, կ՛օգտագործէին զանոնք:
Չիայի սերմերը փոքր են, հարթ եւ ձուաձեւ. անոնց գոյնը կը տատանի ճերմակէն մինչեւ շագանակագոյն կամ սեւ: Այս սերմերը կարելի է օգտագործել թխուածքներու, փուտինկներու պատրաստութեան մէջ, կամ պարզապէս ցանել մածունին կամ աղցաններուն վրայ:
Հանքայիններով, բնաթելելով, օմեկա 3-ով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ այս սերմերուն կը վերագրուին առողջապահական բազմաթիւ յատկութիւններ, եւ վերջին տարիներուն շատ ընդհանրացած եւ նորաձեւ դարձած է անոնց օգտագործումը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Չմոռանաս
Թէ ինձ մի օր երկինք տանեն
Իմ ժպիտը չմոռանաս,
Թէ խաւարդ լոյսով վանեն,
Լոյս աչքերս չմոռանաս:
Թէ քո կեանքում կեանք յօրինեն,
Կեանքն իմ կէսօր չմոռանաս,
Թէ քայլերդ հետք որոնեն,
Գալուդ ճամբան չմոռանաս:
Թէ երազումդ ինձ տեսնես,
Ջրին պատմիր, չմոռանաս,
Իսկ թէ յանկարծ նոր սէր գտնես,
Հինն էլ յիշիր, չմոռանաս…
ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ